Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ շարունակուող աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Կարապետեան 89 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 377 քկ արդիւնք մը (175+202), գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Նշենք, որ 27 տարեկան Կարապետեան աշխարհի պրոնզէ մետալակիր է, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայի ախոյեան եւ Եւրոպայի մրցանշակիր:
Այս դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ իրանցի Ջաւատի Ալիապատի, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 384 քկ արդիւնք մը:


