Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գ. խմբակին մաս կազմող Իտալիա, որ հիւրը եղաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան, Իտալիոյ գլխաւոր մարզիչ Լուչիանօ Սփալեթթիի համար նորամուտի այս մրցումը յաղթական չեղաւ:
Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներէն, Իտալիա ապահոված է միայն 4 կէտ, մինչ խմբակին առաջին դիրքը կը գրաւէ Անգլիա` 13 կէտով:
Այսօր` երեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին Իտալիա կը հիւրընկալէ Ուքրանիան, որ ունի եօթը կէտ: