Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ կազմակերպութեան նախագահ Լուիս Ռուպիալես հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ 46 տարեկան Ռուպիալես հեռացուեցաւ նաեւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի փոխնախագահի իր պաշտօնէն:
Նշենք, որ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունեցած աղջկանց Մոնտիալի աւարտական մրցումէն ետք, ան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին համբուրած էր տիտղոսակիր Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներէն Ճենիֆըր Հերմոսոյին: