Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը, երբ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը, Գերմանիոյ եւ Սերպիոյ միջեւ:
Գերմանիա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, 83-77 (23-26, 24-21, 22-10 եւ 14-20) արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան, Գերմանիա իր կատարած բոլոր ութ մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց:
Քանատա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ մետալակիր երրորդ դիրքի մրցումին երկարաձգման ընթացքին 127-118 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգները:


