Լիվըրփուլին մաս կազմող նետերլանտցի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյք մէկ մրցումով եւս կախակայուեցաւ եւ 100 հազար սթերլինկ տուգանքի ենթարկուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, Նիւքասըլի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումին կարմիր քարտ ստանալուն եւ իրաւարարը անարգած ըլլալուն պատճառով:
Վերոնշեալ մրցումին, անոր կազմը արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ ան իր կարմիր քարտը ստացաւ 28-րդ վայրկեանին:
Վան Տիյք, որ կախակայուած ըլլալով բացակայեցաւ Ասթոն Վիլայի դէմ 4-րդ հանգրուանի մրցումին իր կազմին արձանագրած յաղթանակին (3-0), պիտի բացակայի նաեւ Վուլվզի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ պիտի կատարուի 16 սեպտեմբերին: