«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբը 9-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Լիւքսամպուրկի դէմ:
Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կախակայուած ըլլալով բացակայեցաւ այս մրցումէն:
Այս յաղթանակը Փորթուգալի ֆութպոլի պատմութեան մեծագոյն յաղթանակն էր:
Նախապէս Փորթուգալ երկու անգամ 8-0 արդիւնքով յաղթած էր Լիխթնշթայնին (1994 եւ 1999), իսկ մէկ ալ նոյն արդիւնքով` Քուէյթին (2003):


