Իտալական լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Եուվենթուս ակումբի սեփականատէր Անիելլիներու ընտանիքը, որ հարիւր տարիէ ի վեր աւելի կը հանդիսանայ անոր սեփականատէրը, որոշեց վաճառել ակումբը:
Անոր վաճառման սակը թէեւ կը գնահատուի 800 միլիոն եւրոյով, սակայն Անիելլիներու ընտանիքը պիտի փորձէ զայն վաճառել 1,5 միլիառ եւրոյով:
Նոյեմբեր 2022-ին տնտեսական խարդախութիւններ կատարած ըլլալուն համար ակումբի նախագահի պաշտօնէն հեռացաւ Անտրէա Անիելլի, որ ակումբը կը ղեկավարէր 2010-էն ի վեր:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Եուվենթուս գրաւեց դասաւորման 7-րդ դիրքը:


