Եուվենթուսի 30 տարեկան ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպայի վրայ կատարուած` խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ քննութեան արդիւնքը տուած է դրական պատասխան, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ ան այժմ կը մնայ կախակայուած, մինչեւ վերջնական որոշումի մը հրապարակուիլը այդ առնչութեամբ:
Անոր վրայ այս քննութիւնը կատարուեցաւ Ուտինեզէիի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումէն ետք, երբ անոր կազմը արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին ան մասնակցած է երկու մրցումի` խաղալով 52 վայրկեան:


