Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի երկարաձգէ խումբին գլխաւոր մարզիչ Չաւիի գործող պայմանագրութիւնը:
Նոր պայմանագիրով 43 տարեկան սպանացի մասնագէտը պիտի ստանայ այժմու իր ստացած աշխատավարձին կրկնապատիկը:
Նոր պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 30 յունիս 2026, անոր պիտի ապահովէ տարեկան շուրջ 8 միլիոն եւրօ (այժմ` 4 միլիոն եւրօ) եկամուտ: