Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Հանս-Տիեթըր Ֆլիք եւ անոր երկու օգնականները երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ պաշտօնազրկուեցան` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Նախորդ շաբաթավերջին, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Գերմանիա կրեց 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը` Ճափոնէն:
«Գերմանիոյ համար անհրաժեշտ են տպաւորիչ արդիւնքներ` Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով, մանաւանդ որ մենք այս մրցաշարքին հիւրընկալ երկիրն ենք», նշուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին 123 տարուան պատմութեան մէջ ան առաջին մարզիչն է, որ պաշտօնանկ կ՛ըլլայ: