Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Կրոզնիի մէջ տեղի ունեցած Ա. Քատիրովի յի
շատակին նուիրուած կռփամարտի 15-րդ միջազգային յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան:
63 քկ դասակարգին մէջ ոսկի մետալի տիրացաւ Նարեկ Յովհաննիսեան, Զաւէն Գալստեան 71 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ պրոնզէ մետալին տիրացաւ Մանուէլ Պետրոսեան` 60 քկ դասակարգին մէջ:
Նշուեցաւ, որ անոնք իրենց մարզիչ ունէին Վարդան Ներսիսեան:


