Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հսկաներէն Այաքս` Շատ Վատ Օրերու Մէջ

October 28, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի՞նչ կը պատահի Նետերլանտներու եւ Եւրոպայի ամէնէն մեծ ակումբներէն Այաքս Ամսթերտամի հետ:

Այաքս, որ 36 անգամ Նետերլանտներու ախոյեան (մրցանիշ), 20 անգամ բաժակակիր (մրցանիշ), 4 անգամ «Չեմփիընզ լիկ» (1971-1972-1973-1995), 1 անգամ բաժակակիր խումբերու բաժակ (1987), 1 անգամ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակակիր (1982) եւ 2 անգամ Եւրոպայի գերբաժակ (1973 եւ 1995) շահած է, այժմ կրնայ Բ. դասակարգ փոխադրուիլ:

Քիչ մը կանուխ է թերեւս տարեշրջանի աւարտին, սակայն քանի մը «մեծ» խումբեր նեղ կացութեան մէջ կը գտնուին եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ: Ֆրանսայի Լիոնին, Գերմանիոյ Շալքէին Բ. դասակարգի մէջ յայտնուիլը հաւանական է: Քանի մը եւրոպական նախկին «հսկաներ» դասաւորման վարին դիրքերը կը գրաւեն Նետերլանտներու Այաքսին նման, որ իր վերջին մրցումին Ութրեխթէն պարտուեցաւ 4-3 արդիւնքով:

Միայն 1 յաղթանակ` Նետերլանտներու առաջին դասակարգի 7 մրցումներէ ետք: Այաքս 17-րդ եւ նախավերջին դիրքը կը գրաւէ դասաւորման մէջ, դիրք մը, որ Ամսթերտամի կազմը երկար ժամանակէ չէ գրաւած:

Տակաւին 4 տարի առաջ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականին հասած նետերլանտական ակումբը, 1964-1965 եղանակէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այս վիճակին կը հասնի:

Բայց արդեօք ի՞նչ էր պատճառը, որ Այաքս այսքան վատ ձեւով սկսաւ եղանակը:

Շատեր կը կարծեն, թէ այս վիճակը սկսաւ, երբ անցեալ տարի մարզիչ Էրիք Թեն Հակ լքեց Այաքսը` միանալու Մանչեսթըր Եունայթըտին:

Իրականութեան մէջ, նետերլանտցի մարզիչը 3 յաջող տարեշրջաններ անցընելէ ետք Այաքսի հետ, շատ յստակ էր, որ աւելի լաւ վճարումով աւելի լաւ ակումբ պիտի փոխանցուէր, բայց խումբի տնօրէնութիւնը բաւարար ձեւով չէր պատրաստուած յաջորդ հանգրուանին (առանց Թեն Հակի): Աւելի՛ն, այդ պատրաստութիւնները ջուրը ինկան, երբ վարչական պատասխանատու Մարք Օվըրմարս ստիպուած լքեց ակումբը, երբ առողջական լուրջ հարցեր ունեցաւ: Օվըրմարս թիւ 1 պատասխանատուն էր, որ պատանի տաղանդներ գտնելու գործով կը զբաղէր, եւ առանց իրեն Այաքս սկսաւ իրապէս կաղալ:

Այդ դէպքէն ետք, Այաքս մասնաւոր նորեկ չկրցաւ բերել խումբ, եւ «բանալի» մարզիկներ փոխարինելը` աւելի աժան գինով մարզիկներու հմտութիւնը այլեւս չկար: Այդ պատճառով ալ 2009-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Այաքս առաջին երկու դիրքերուն վրայ չէր անցեալ տարեշրջանի աւարտին:

Այաքս այս տարեշրջանն ալ սկսաւ, ուր որ աւարտեց անցեալ տարեշրջանին: Հակառակ մեծ թիւով նոր մարզիկներու, ոչ մէկը կրցաւ իր վրայ դրուած յոյսերը իրականացնել:

Մեկնած որակաւոր եւ փորձառու մարզիկներու դիրքերը կարծէք թափուր մնացին: Նախկին խմբապետ Տիւշան Թատիչ լքեց կազմը պայմանագրութեան ժամկէտը աւարտելէ ետք, բան մը, որուն դէմ էին համակիրները: Այդ որոշումներու պատասխանատուն էր «Ցվեն Միսլինթաթ, որ իր կարգին լքեց ակումբը:

Այաքս չկրցան փոխարինել նաեւ քանի մը մեծ անուններ` վերջին 2-3 տարիներուն, ինչպէս` Անտրէ Օնանա (բերդապահ), որ միացաւ Թեն Հակի` Եունայթըտի հետ, կարճ ժամանակ խաղալէ ետք Ինթեր Միլանի հետ, ինչպէս պատահեցաւ Անթոնիի եւ Լիսանտրօ Մարթինեսի հետ: Սեպասթիան Հալըր միացաւ Տորթմունտի, մինչ Նուսէյր Մազրաուի` Պայերն Միւնիխի:

Իրապէս ալ, Շթայն իր ձեռքին տակ ունէր Նետերլանտներու առաջին դասակարգի ամէնէն երիտասարդ խումբը` բացատրելով, որ արդիւնքներուն մեծ մասը հետեւանք էր անփորձ խաղցողներու ձախող ելոյթներուն:

Մարզիչ Մորիս Շթայն 23 հոկտեմբերին լքեց իր պաշտօնը ակումբին հետ համաձայնաբար, 4 ամիս մարզելէ ետք, Այաքսի ձախող տարեշրջանին պատճառով:

Այաքս Շթայնի հետ այս տարեշրջանին 11 մրցումներու ընթացքին միայն 2 յաղթանակ ձեռք ձգած էր: Ան նախապէս մարզած էր նաեւ Տեն Հակ, Վենլօ եւ Պրետա խումբերը:

Նոյնիսկ այս ձախող արդիւնքներէն ետք, քիչ մը դժուար թէ Այաքս Բ. դասակարգ փոխանցուի: Անշուշտ անկարելի չէ, բայց Նետերլանտներու ախոյեանութեան նայելով, տակաւին Այաքս համեմատաբար աւելի լաւ մարզիկներ ունի, եւ կրնայ միշտ վստահիլ աշխարհի լաւագոյն ակադեմիաներուն` օգնելու համար բարելաւել առաջին 11 մարզիկները:

Կարեւոր է նաեւ լաւ մարզիչ մը ունենալը, որ կրնայ ինքնավստահութիւն ներշնչելու երիտասարդ մարզիկներուն: Կապեր հաստատուեցան Ճոն Վանթ Սքիփի, Միշել Վան Տեր Կաակի եւ Լուիս Կալի հետ, որոնք բոլորը կրնան ներկայ ըլլալ խումբին հետ մօտիկ ապագային:

Այժմու դասաւորումը վերջին 5 ակումբներուն.

14.- Վիթես Առնհայմ 7 կէտ (6-15)
15.- Հիրընվին 7 (10-21)
16.- Իւթերեսթ 6 (8-20)
17.- Այաքս 5 (11-16)
18.- Վոլենտամ 4 (8-18)
16-րդ խումբը փլէյ-օֆ կը խաղայ Բ. դասակարգի 3-րդին դէմ, մինչ 17-րդ եւ 18-րդ խումբերը կը փոխանցուին Բ. դասակարգ:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Եւ Միլուոքի Պաքս` Յաղթական

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

January 9, 2026
Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը
Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը

January 9, 2026
Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ.  Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ
Մարզական

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ. Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.