Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնտիալ + Եւրոպայի Բաժակ + Ոսկի Գնդակ… Պոպի Չարլթըն Պատմական Ցանկին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոպի Չարլթընի մահուան լուրին տարածուելէն ետք, անցեալ շաբաթավերջին աշխարհի չորս ծագերէն ցաւակցական եւ յարգանքի յիշատակներ եւ հին էջեր բացուեցան:

Չարլթըն Անգլիոյ ֆութպոլին մէջ յեղափոխութիւն մը կատարեց, եւ թէ՛ ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ թէ՛ ալ ազգային խումբը աւելի եւս յայտնի դարձուց ֆութպոլի միջազգային քարտէսին վրայ, 1960-ականներուն:

1968-ին յարձակող միջնապահը եղաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ կը շահի մոնտիալը, Եւրոպայի ախոյեան խումբերու բաժակը (այժմ «Չեմփիընզ լիկ») եւ «Պալոն տ՛Օր»-ը («Ոսկի գնդակ»` լաւագոյն ֆութպոլիստի):

Մինչեւ օրս, Չարլթըն փոքր թիւով այն ընտրեալ մարզիկներու ցանկին մաս կը կազմէ` «Ֆութպոլի երրորդութիւնը» իրագործելով:

Պոպի Չարլթըն

Անգլիա շատ զգուշ ձեւով սկսած էր 1966-ի մոնտիալը, եւ երկրորդ մրցումին պէտք ունեցաւ հեռուէն զօրաւոր հարուածի մը` Չարլթընի կողմէ, Մեքսիքայի դէմ մրցումին: Չարլթընի ամէնէն լաւ ելոյթը կիսաւարտականին գծով Փորթուգալի դէմ էր, ուր նշանակեց 2 կոլ` դուրս ձգելով Եոսեպիոն` 60-ականներու այլ աստղերէն մէկը:

Կրնայ ըլլալ, որ Ճեֆ Հըրսթ աւարտականի հերոսն էր իր հեթ թրիքով (3 կոլ) Գերմանիոյ դէմ 4-2 յաղթանակին, սակայն Չարլթըն շահեցաւ «Ոսկի գնդակ»-ը: 1967-ին եւ 1968-ին 2-րդ դիրքը շահեցաւ արծաթ կօշիկը: 1968-ին իր ակումբի խմբակից Ճորճ Պեսթ շահեցաւ «Ոսկի գնդակ»-ը, Եւրոպայի բաժակի աւարտականին առաջին կոլը նշանակեց Չարլթըն ուր Եունայթըտ 4-1 արդիւնքով յաղթած էր Պենֆիքային (եւ Եոսեպիոյին), Ուեմպլիի մէջ:

Ֆրանց Պեքընպաուըր

Բազմաթիւ մասնագէտներ կը կարծեն, թէ Չարլթընի եւ երիտասարդ Պեքընպաուըրի ներկայութիւնը 1966-ի մոնտիալի աւարտականին, ձեւով մը երկուքն ալ չէզոքացուց: «Իր ղրկած նամակը կ՛ըսէր` չ՛ըլլայ որ փորձես: Իմ դէմս ելլելը ժամանակի կորուստ է», պատմած է Չարլթըն:

Այդ ժամանակ էր, որ Պայերն Միւնիխ եւ Արեւմտեան Գերմանիոյ «հսկան» քիչ մը աւելի ետեւ օգնելով լիպերօ դիրքը վաւերացուց եւ տարիներ շարունակ դաշտերու վրայ իր ներկայութիւնը փաստեց:

1966-ի եւ 1970-ի մոնտիալի ձախողութիւններէն ետք, Գերմանիա վերջապէս իր դաշտին վրայ կրցաւ «գործը յաջողցնել» 1974-ին, խմբապետ Պեքընպաուըրի հետ, որ բաժակը բարձրացուց 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Եոհան Քրոյֆը եւ հոլանտական թոթալ ֆութպոլը (ամբողջական ֆութպոլ):

«Տեր Քայզըր» (կայսր) Ֆրանց 1972-ին ոսկի գնդակը շահած էր Եւրոպայի ախոյեան Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ, եւ Պայերն Միւնիխի հետ 1973-1974-էն սկսեալ 3 տարի շարունակ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան հանդիսացած էր` դառնալով պաշտպանողական գիծի միակ ֆութպոլիստը, որ կը շահի «Ոսկի գնդակ»` 1976-ին:

Կերտ Միւլըր

Մինչ Պեքընպաուըրի ներկայութիւնը ձեւով մը կ՛որոշէր մրցումին ղեկը ո՛ր կողմ դարձնել, այլ դէմք մը Գերմանիոյ եւ Պայերնի անունները միշտ փայլուն պահեց մինչեւ իր վերջին կոլը. Կերտ Միւլըր:

Միւլըր կոլ նշանակելու մեքենայ մըն էր, որ գրեթէ անբաղդատելի էր իր ժամանակաշրջանին հետ: Անոր 10 կոլերը` 1970-ին մոնտիալի Մեքսիքոյի մէջ, «Ոսկի կօշիկ» շահելու թիւ 1 պատճառն էին, բան մը, որ Պոպի Մուրին ալ պատճառ դարձաւ արծաթ շահելուն: Ամէնէն կարեւոր կոլը իր ասպարէզին 4 տարի ետք էր` 1974-ի մոնտիալի աւարտականին` յաղթանակի կոլը Հոլանտայի դէմ:

Կոլ նշանակելու ախորժակը միշտ բաց էր կարեւոր մրցումերու ընթացքին, ինչպէս պատահեցաւ 1974-ին Եւրոպայի ախոյեան խումբերու բաժակի աւարտականին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ զոյգ կոլերով (Պայէրն 4-0 յաղթեց) եւ 1975-ի աւարտականի 2-րդ կոլով (2-0)` Լիծ Եունայթըտի դէմ:

Փաոլօ Ռոսի

Մոնտիալի «Ոսկի կօշիկ» շահիլը մեծ արժէք ունի «Ոսկի գնդակ»-ի քուէարկութեան ժամանակ, ինչպէս պատահեցաւ Ռոսիի հետ 1982-ին, երբ 6 կոլ նշանակեց Սպանիոյ մոնտիալին` օգնելով Իտալիոյ` շահելու մոնտիալը: Եուվէի յառաջապահին բարձրանալը Իտալիոյ ազգային խումբին հետ քիչ մը անակնկալ էր, մանաւանդ որ ան 1980-ին դատուած էր ֆութպոլի «խաղ ծախելու» մեղադրանքով եւ 3 տարուան կախակայումը նուազած 2-ի: Ան միայն 3 մրցում կատարած էր Եուվէի հետ եւ Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչը` Պէարզոթ, երբ նկատի առաւ Ռոսին, բոլորը մեղադրեցին զինք` ֆիզիքականով պատրաստ չըլլալուն համար: Ան առաջին 3 խաղերուն «կը քալէր» դաշտին վրայ, բայց յաջորդ փուլին քառորդ աւարտականի խմբային մրցումներուն Պրազիլի դէմ հեթ-թրիքը (3 կոլ), կիսաւարտականին Լեհաստանի դէմ 2 կոլ եւ աւարտականին առաջին կոլը բաւարար էին, որ Ռոսի շահի «Ոսկի կօշիկ»-ը: Եուվենթուսի հետ ան 1984-1985 տարեշրջանին 5 կոլ նշանակեց, եւ Եուվէ շահեցաւ Եւրոպայի բաժակը:

Զինետին Զիտան

Ֆրանսայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մոնտիալը 1998-ին շատ լաւ չսկսաւ Զիտանի համար, որ Սէուտական Արաբիոյ դէմ մրցումին վտարուեցաւ դաշտէն: Բայց երբ վերադարձաւ իր խումբը կրցաւ առաջնորդել մոնտիալի տիտղոսին, երբ 2 կոլ նշանակեց աւարտականին Պրազիլի դէմ:

Զիտան արդէն աստղ էր Եուվէի հետ, եւ իր սխրանքները զինք աւելի բարձր մակարդակի հասցուցին 1998-ին «Ոսկի գնդակ»-ը շահելէ ետք, Ռէալ Մատրիտի աչքերը ուղղուեցան Զիզուին, որ 2001-ին միացաւ Ռէալի: Աստղերով լեցուն «Կալաքթիքոս»-ի ժամանակաշրջանը կրցան 2002-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին պտուղը քաղել, եւ շնորհիւ Զիտանի անմոռանալի վոլէին Ռէալ կրցաւ յաղթել Գերմանիոյ Պայեր Լեւերքուզընին (2-1):

Ռիվալտօ

Զիտան եղաւ այս ցանկի վերջին եւրոպացին, որովհետեւ մինչեւ 1995 Եւրոպայի «Ոսկի գնդակ»-ը կրնային շահիլ միայն Եւրոպայի ցամաքամասին մաս կազմող մարզիկներ: 1995-ին առաջին «Ոսկի գնդակ»-ը շահեցաւ Ա. Սէ. Միլանի լիպերիացի Ժորժ Ուէա, որ մինչեւ օրս կը մնայ միակ ափրիկեցի մարզիկը, որ «Ոսկի գնդակ» կը շահի:

1999-ին Ռիվալտօ եղաւ առաջին «Ոսկի գնդակ» շահող պրազիլցի ֆութպոլիստը` Պարսելոնայի հետ յաջորդական բաժակներ շահելէ ետք:

2002-ին օգնելէ ետք Պրազիլին 5-րդ մոնտիալի բաժակի տիտղոսին իրագործման, Ռիվալտօ միացաւ Ա. Սէ. Միլանին եւ շահեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ը, հակառակ անոր որ պահեստի աթոռներուն վրայ նստելով չմասնակցեցաւ աւարտականին` Եուվէի դէմ, Անգլիոյ Օլտ Թրեֆորտ (Մանչեսթըր Եունայթըտի դաշտ) դաշտին վրայ: Փենալթիներով Միլան յաղթեց Եուվէին 0-0 հաւասար աւարտելէ ետք մրցումը:

Ռոնալտինիօ

Պրազիլի 2002-ի յաջողութենէն սկսելով, Ռոնալտինիօ փոխարինած էր Ռիվալտոն, իբրեւ ստեղծագործ ուժ` դաշտին վրայ: Ան նոյնիսկ խմբապետի դերով ալ փոխարինեց Ռիվալտոն` Պարսելոնայի մէջ:

Ռոնալտինիօ եղաւ Պարսելոնայի անպարտելի թիւ 1 աստղը, եւ Պարսա 2004-2005 եւ 2005-2006 տարեշրջանին շահեցաւ «Լա լիկա»-ն: 2005-ին «Ոսկի գնդակ»-ը շահած էր, երբ 2005-2006 տարեշրջանին «Չեմփիընզ լիկ»-ին Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Արսենալի:

Քաքա

Պրազիլի 2002-ի ախոյեան խումբը 3 «Ոսկի գնդակ» շահող մարզիկներ ունէր: Ֆապիօ Քանաւարօ (Իտալիա) 2006-ին շահեցաւ «Ոսկի գնդակ»-ը` բարձր մակարդակի ելոյթներէ ետք, որոնց աւարտին Իտալիա դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Այդ ժամանակաշրջանին, Ռոնալտինիոյի աստղը մարելու սկսած էր, եւ Քաքա դարձաւ Պրազիլի աստղ փլէյմէյքըրը:

2005-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին կիսախաղին (3-0) շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ իր խումբին` Ա. Սէ. Միլանի հետ Լիվըրփուլի դէմ մրցաշարքի աւարտականին, ուր Բ. կիսախաղին ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ Լիվըրփուլ յեղաշրջեց մրցումը` շահելով բաժակը (փենալթիներով): 2 տարի ետք, Քաքա 3 կոլ նշանակեց կիսաւարտականին` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ երկու մրցումներուն, ապա աւարտականին` Լիվըրփուլի դէմ Միլանի կազմը յաղթական դուրս եկաւ, եւ Քաքա 2007-ին անվիճելիօրէն «Ոսկի գնդակ»-ի տիտղոսակիր դարձաւ:

Լիոնել Մեսսի

Քաքայի մրցանակը եղաւ վերջինը, որովհետեւ 2 հոգի տարիներ շարունակ «իւրացուցին» «Ոսկի գնդակ»-ը: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2008-ին շահեցաւ զայն, բայց յաջորդող 4 «Ոսկի գնդակ»-ները շահեցաւ Մեսսի:

Արժանթինցի «կախարդը» Պարսայի անդամ էր 2006-ին, երբ «Չեմփիընզ լիկ» շահեցաւ: 2009-ին եւ 2011-ին իր կոլերը մեծ դեր ունէին Պարսելոնայի յաջողութիւններուն մէջ` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ, եւ օգնեցին շահելու «Ոսկի գնդակ»-ը: Նոյն իրագործումը 2015-ին կրկնուեցաւ, երբ Եւրոպայի անյաղթ խումբն էին Նէյմարի եւ Սուարեսի հետ միասին:

Մեսսիի «Ոսկի գնդակ»-ներու թիւը 7 է այժմ, եւ կրնայ բարձրանալ 8-ի հոկտեմբեր 30-ին: Այս տարուան յաջողութեան պատճառը կրնայ ըլլալ 2022-ի Քաթարի մոնտիալի տիտղոսն էր, ուր Մեսսի փայլուն ելոյթներ ունեցաւ, վերջապէս մոնտիալ մը շահելով:

 

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Մանուէլ Խնձրցեան Հասաւ Աւարտականին

Յաջորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արարատ Երեւան Յաղթական

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?