
Անգլիոյ ամէնէն աւելի տիտղոսներ շահած ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ վերջերս վատ արդիւնքներ կ՛արձանագրէր եւ մեծ թիւով վիրաւորներ ունէր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին ալ առաջին երկու մրցումներէն կէտեր կորսնցնելէ ետք, Օլտ Թրաֆորտի մէջ վերջապէս յաղթանակով սկսաւ Եունայթըտ (իր 3-րդ մրցումին): Յաղթանակը քանի մը երես ունէր: Երկու տարիէ նախկին խմբապետ Հերի Մաքկուայըր, որ Անգլիոյ լաւագոյն պաշտպանն էր, իր ինքնավստահութիւնը կորսնցուցած էր եւ դարձած խումբին ամէնէն «անբաղձալի» տարրը: Նոյնիսկ «Կարմիր սատանաներ»-ու համակիրներ կը քննադատէին զինք ամէն սխալի համար: Այս տարեշրջանին խումբին նոր միացած բերդապահ Անտրէ Օնանա (Քամերուն) իր կարգին ամէն սխալի կը քննադատուէր: Բայց այս մրցումին Քոփենհակընի դէմ Մաքկուայըր եւ Օնանա հերոսներն էին իրենց խումբին:
Արդարեւ, Մաքկուայըր 72-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը, եւ 94-րդ վայրկեանին, երբ իրաւարարը փենալթի մը սուլեց Եունայթըտի դէմ, Օնանա փրկեց Հենրիք Լարսոնի (Եունայթըտի նախկին շուէտացի յառաջապահ) զաւկին` Ճորտըն Լարսոնի հարուածը:
Նոյն օրը, Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Կալաթասարայի դաշտէն: Քինկզլի Քոման (8-րդ վայրկեան), Հերի Քէյն (73-րդ) եւ Ժամալ Մուսիալա (79-րդ) նշանակեցին գերմանական կազմին կոլերը:
Արսենալ դաշտէն դուրս` Սպանիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց Սեւիայի դէմ: Նոյն արդիւնքով Ռէալ Մատրիտ վերադարձաւ Փորթուգալէն` Պրակայի դէմ մրցումէն:
Ինթեր Միլան նաեւ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ռետ Պուլ Զալցպուրկի: