Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.». Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Եւ Միլուոքի Պաքս` Յաղթական

October 28, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոս Անճելըսի մէջ իր առաջին մրցումին, Լէյքըրզ վերջին մասին գերազանցելով Ֆէօնիքս Սանզը (28-11) կրցաւ տանիլ տարեշրջանի առաջին յաղթանակը (100-95):

Արդարեւ, Լէյքըրզ, որուն մարզիկներէն սենթըր Անթոնի Տէյվիս փայլեցաւ իր 30 կէտով եւ 12 ռիպաունտով, 18-30 ետ մնալէ ետք Ֆէօնիքսէն, կրցաւ 30-22 յաղթել 2-րդ մասին եւ կիսախաղ հասնիլ 4 կէտով մօտենալով Սանզին, որմէ կը բացակայէին Տեւըն Պուքըր եւ Պրատլի Պիլ: Քեւըն Տիւրենթ 39 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց բաւական դժուարութիւն ունեցաւ Քրիսթիան Վուտի դէմ, որ լաւ կը պաշտպանէր: Տիւրենթ 39 կէտ նշանակելով իր կէտերու հաշիւը բարձրացուց 26.947-ի` գերազանցելով Հաքիմ Օլաճուոնը:

Երկու ընկերներ` Լըպրոն Ճէյմս (Լէյքըրզ) եւ Քեւըն Տիւրենթ (Սանզ) 5 տարիէ ի վեր իրարու դէմ չէին մրցած: Լըպրոն 4-րդ մասը ամբողջութեամբ (12 վայրկեան) խաղցաւ, մինչ Տէյվիս առանձին նշանակեց 17 կէտ` 2-րդ կիսախաղին:

Օրուան երկրորդ մրցումին, Տեմիըն Լիլըրտ իր առաջին մրցումին, Տեմիըն Լիլըրտ իր առաջին մրցումին 39 կէտ նշանակեց եւ իր նոր խումբը` Միլուոքի Պաքսը առաջնորդեց յաղթանակի` Ֆիլատելֆիա 76-ի վրայ (118-117):

Պաքս 8 կէտով ետ կը մնար 4-րդ մասին, բայց ինքզինք վերագտաւ եւ յաղթեց 1 կէտով: Միլուոքի յոյն աստղ Եանիս Անթեթոքումփօ 23 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ան կրցաւ բաւական «զուսպ» խաղալ, մանաւանդ որ 4 ֆաուլեր կատարած էր: Պրուք Լոփես 13 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պաքսի, որուն մարզիչ Ատրիան Կրեֆինի առաջին մրցումին առաջին յաղթանակն էր:

Ֆիլատելֆիայի մարզիկ Թայրիս Մեքսի 31 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց եւ Քելի Ուպրէ աւելցուց 27 կէտ` պահեստի դիրքէն օգնելով Ֆիլատելֆիայի, որմէ կը բացակայէր Ճէյմս Հարտըն (ուշ միացաւ խումբի փորձերուն):

Վերջին մասը շատ «տաք էր»: Ֆիլատելֆիա 12 յաջորդական կէտեր նշանակեց` արդիւնքը բարձրացնելով 102-94-ի, մինչ Միլուոքի փոխադարձեց յաջորդ 21 կէտերէն 19-ն նշանակելով: Լիլըրտ 3 կէտնոց նշանակեց, ապա 3 հատ ֆրի թրօ (ֆաուլէ ետք), յետոյ 3 կէտնոց մը եւս` մրցումին 2,45 վայրկեան մնացած արդիւնքը դարձնելով 113-104:

Մեքսի 3 կէտնոց նշանակեց եւ Ժոել Էմպիիտ աւելցուց 2 կողով` 2 կէտի իջեցնելով տարբերութիւնը, 1,28 վայրկեան մնացած: Լիլըրտ եւ Հետեւ 3 կէտնոց նետեցին, ապա 2 ֆրի թրօ, եւ Միլուոքի 118-114 արդիւնքով առաւելութիւն մը ձեռք ձգեց 11,1 երկվայրկեան մնացած: Ֆիլատելֆիա 3 կէտնոց նշանակեց շնորհիւ Մելթընի, բայց ժամանակը աւարտեցաւ:

Նշենք, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմ. Վի. Փի.» (լաւագոյն մարզիկ) Ժոել Էմպիիտ 24 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումը Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց, Դպրաց Դասերու, Տիկնանց Յանձնախումբերու Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Եւ Աղքատախնամ Մարմիններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Եւրոպայի Հսկաներէն Այաքս` Շատ Վատ Օրերու Մէջ

RelatedPosts

Նշմար.  Տաղանդը Միշտ Կայ…
Մարզական

Նշմար. Տաղանդը Միշտ Կայ…

October 7, 2026
Քարաթէ.  Սուրէն Յարութիւնեան` Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Քարաթէ. Սուրէն Յարութիւնեան` Արծաթ Մետալակիր

October 7, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.