Ֆութպոլի պատմութեան ընթացքին շատ լաւ մարզիչներ եկած ու անցած են: Մարզիչներ կան, որոնք պատմութեան անցած են տիտղոսներ շահելով, ուրիշներ` յարձակողական գեղեցիկ ֆութպոլով, մինչ ուրիշներ պաշտպանողական, տհաճ, բայց արդիւնաւէտ խաղարկութեամբ:
Պահ մը եթէ անդրադառնանք ամէնէն շատ մրցանակներ կամ տիտղոսներ շահած մարզիչներուն, կը նկատենք, որ անոնց մէջ «հսկաներ» կան: Ալեքս Ֆերկըսըն, Ռինըս Միքըլզ, Եոհան Քրոյֆ, Փեփ Կուարտիոլա, Առիկօ Սաքի, Էռնսթ Հափըլ, Քարլօ Անչելոթթի… եւ ցանկը երկար է:
Բայց միշտ չէ, որ տիտղոսներ ձեռք բերած մարզիչի մը անունը կը յիշուի… Մարզիչներ կան, օրինակ` Ռինըս Միքըլզի նման, որ Հոլանտայի պատմութիւնը կերտած է ձեւով մը: Ինք է, որ, օրինակ, Հոլանտայի ֆութպոլը աւելի զարգացնելու համար առաջարկած է կիսաարհեստավարժ ֆութպոլը դարձնել արհեստավարժ 1950-ականներու կէսերուն: Իր «Թոթալ ֆութպոլը» ձեւով մը «դեղ» էր 1960-ականներուն իտալական Ինթէր Միլան եւ Ա. Սէ. Միլան` Հելենիօ Հեռերայի եւ Ներես Ռուքքոյի օրերուն «Քաթենաչիօ» (շղթայ կամ կղպանք) ձեւի զուտ պաշտպանողական ֆութպոլին:
Ճիշդ է, որ 1969-ի Եւրոպայի բաժակի աւարտականին Այաքսի հետ Միքըլզ պարտուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի դէմ (մարզիչ Ռուքքոյի հետ) 4-1, սակայն 1972-ին Միքըլզի Այաքսը Ինթերին յաղթեց (2-0) Եւրոպայի բաժակի աւարտականին: Յաջորդ տարին, գեր-բաժակին, Այաքս Չեզարէ Մալտինիի Միլանին 6-0 արդիւնքով յաղթեց, ուր Քաթենաչիօ ձախողեցաւ թոթալ ֆութպոլին դիմաց:
Թոթալ ֆութպոլն ալ անշուշտ իր թերութիւնները ունի, ինչպէս պատահեցաւ Միքըլզի Հոլանտային, 1974-ի մոնտիալի աւարտականին` Գերմանիոյ դէմ: Այդպէս, մարզիչ Միքըլզ եւ Եոհան Քրոյֆ իրենց կարողութիւններուն դէմ գտան շատ լաւ պաշտպան` Պերթի Ֆոկցի կողմէ, մանաւանդ երկրորդ կիսախաղին, ուր Պեքընպաուըր, Ուլի Հէօնես եւ Վոլֆկանկ Օվըրաթ դաշտի կեդրոնը «փակեցին» հոլանտացիներուն դիմաց` «արգիլելով» ազատ յարձակողական ֆութպոլը:
Բազմիցս իտալացի մարզիչեր փորձեր կատարեցին տարբեր ձեւերով կասեցնելու յարձակողական այս խաղաձեւը եւ մարզիչ Ճիովաննի Թրափաթոնիի հետ որդեգրեցին «Զլոնա Միսթա» ձեւը, ձեւ մը, որ կը խառնէ Քաթենաչիոն եւ թոթալ ֆութպոլը:
Իր խստապահանջ ըլլալուն պատճառով Միքըլզը կը կոչէին «Ժեներալ»: Ան Այաքսի հետ 4 անգամ ախոյեանութիւնը շահած է, ինչպէս նաեւ 3 անգամ` Հոլանտայի բաժակը, 1970-1971 տարեշրջանին` Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, Պարսելոնայի հետ 1 անգամ «Լա լիկա»-ն, 1 անգամ Քոփա Տէլ Ռէյը եւ 1 անգամ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի բաժակը: Քէօլնի հետ` Գերմանիոյ բաժակը, Հոլանտայի ազգային խումբին հետ` Եւրոպայի ախոյեանութիւն Եւրօ 1988-ն, ինչպէս նաեւ 1974-ին մոնտիալի փոխախոյեանութիւնը ձեռք ձգած:
Եթէ բաղդատութիւն ընենք օրինակ Մանչեսթըր Եունայթըտի պատմական մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի հետ, անշուշտ Ֆերկըսըն շատ աւելի տիտղոսներ ունի, որովհետեւ շատ աւելի երկար ժամանակ մարզեց նոյն խումբը 1986-էն 2013: Ֆերկըսընի առաջին 7 տարիներուն, Եունայթըտ միայն բաժակակիր խումբերու բաժակ եւ Անգլիոյ բաժակը շահած էր: Սակայն 1993-էն 2013… 13 անգամ Անգլիոյ ախոյեանութիւն, 4 բաժակի տիտղոս, եւ 2 «Չեմփիընզ լիկ»: