Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լուքա Տոնչիչ Փայլեցաւ Կեդրոնացումը Շեղելով Ուեմպանեամայի Վրայէն

October 27, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի 2023-2024 տարեշրջանը: Բոլորին ուշադրութիւնը ուղղուած էր Սան Անթոնիոյի մէջ տեղի ունեցող Սփըրզի մրցումին վրայ` Տալաս Մեւրեքսի դէմ, մանաւանդ որ 19 տարեկան ֆրանսացի «հսկան»` Վիքթոր Ուեմպանեամա (2,24 մեթր) իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի ունենար:

Մրցումը ծայր աստիճան հետաքրքրական էր, բայց Ուեմպանեամայի փոխարէն Տալասի մարզիկ սլովենիացի Լուքա Տոնչիչն էր, որ փայլեցաւ` արձանագրելով իր ասպարէզի 57-րդ թրիփըլ-տապըլը եւ դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 10-րդ մարզիկը ընդհանուր դասաւորման մէջ: Տոնչիչ մրցումէն միայն 1 ժամ առաջ հաւանութիւն ունեցաւ մասնակցելու, երբ բժիշկը արտօնեց (թեթեւօրէն վիրաւոր էր) իր մասնակցիլը: Տոնչիչ 33 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց:

Ուեմպանեամա 15 կէտ նշանակեց եւ միայն 23 վայրկեան խաղցաւ (9 կէտ 4-րդ մասին), որովհետեւ մրցումի սկիզբէն ֆաուլեր կատարելով մարզիչը զինք նստեցուցած էր:

Երկրորդ մասին, Սփըրզ 12 կէտով յառաջ անցած էր, երբ Տալաս ինքզինք գտաւ եւ մինչեւ կիսախաղ տարբերութիւնը 4 կէտի նուազեցուց, ապա յառաջացաւ 96-91 3-րդ մասէն ետք: Վերջին մասին երկու խումբերն ալ պայքարեցան եւ 5 անգամ հաւասարեցան: Տեւըն Վեսըլ 2 ազատ հարուածներով առաւելութիւն տուաւ Սփըրզի, մրցումի աւարտէն 2 վայրկեան մնացած, բայց Քայրի Ըրվինկ 3 կէտով, ապա լաւ ճեղքելով լէյ-ափ` Տոնչիչի էսիսթով 1,25 վայրկեան մնացած արձանագրուեցաւ տարբերութիւնը եւ պահուեցաւ առաւելութիւնը մինչեւ աւարտ:

Քայրի Ըրվինկ նշանակեց 22 կէտ եւ 6 էսիսթ, Կրենթ Ուիլիըմզ եւ Թիմ Հարտըուէյ Ճունիոր 17-ական կէտ նշանակեցին` հանդիսանալով Տալասի լաւագոյնները, մինչ Սփըրզի մարզիկ Տեւըն Վեսըլ 23 կէտով, Քելտըն Ճոնսըն 17 կէտով եւ Թրէ Ճոնզ 16 կէտով եղան լաւագոյնները:

Անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց, շնորհիւ իր աստղին` սերպ Նիքոլա Եոքիչի թրիփըլ տապըլին (29 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ) պարտութեան մատնեց Լըպրոն Ճէյմզի (21 կէտ) Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` 119-107 արդիւնքով: Թաուրին Փրինս (18 կէտ) եւ Անթոնի Տէյվիս (17 կէտ) եղան Լէյքըրզի լաւագոյն նշանակողները:

Ստորեւ` առաջին օրուան արդիւնքները.

Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 119-107
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆէօնիքս Սանզ 104-108
Չարլոթ Հորնեթց – Աթլանթա Հոքս 116-110
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտզ 143-120
Օրլանտօ Մեճիք – Հիւսթըն Ռաքեթց 116-86
Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս 104-108
Պրուքլին Նեթց – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 113-114
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 97-94
Մայեմի Հիթ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 103-102
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 104-111
Շիքակօ Պուլզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 104-124
Եութա Ճեզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 114-130
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 123-111
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մեւրիքս 119-126

 

 

 

Նախորդը

«3+3» Ձեւաչափը Հարցականի Տակ

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Ամէնէն Շատ Վարձատրուած Ֆութպոլիստները

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.