Չելսի կրնայ անակնկալ շարժումով մը փորձ կատարել ձեռք ձգելու Արսենալի բերդապահ Արոն Ռամստէյլը:
Ռամստէյլ, որ այս տարեշրջանին սպանացի Տաւիտ Ռայայի միացումով Արսենալի պահեստի դիրքի վրայ մնաց, անցեալ տարեշրջանին շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենար այդ խումբին հետ: Միւս կողմէ, Պայերն Միւնիխ պիտի փորձէ ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ ձեռք ձգել Թոթենհամի Էրիք Տայըրը` միանալու իր նախկին խմբակից Հերի Քէյնի:
Լիվըրփուլ կը մրցի Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ` ձեռք ձգելու Կոնզալօ Ինասիոն Սփորթինկ Լիզպոնէն: Կեդրոնի յետսապահ Ինասիօ բազմաթիւ խումբերու «աչքերը» ուղղած է իրեն, բայց գերմանացի մարզիչ Եորկըն Քլոփ (Լիվըրփուլ) անպայման կ՛ուզէ Ինասիոն: