Այսօր կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը, կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ, ուր Սաժես պիտի հիւրընկալէ Անթունիէն:
Այս տարի 10 խումբեր պիտի մասնակցին` նկատի ունենալով, որ անցեալ տարուան փոխախոյեան Տինամօ եւ Լիտըրզ խումբերը քաշուեցան ախոյեանութենէն:
ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը վաղը` յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Շանվիլի դաշտին վրայ պիտի ըլլայ տեղւոյն Մարիսթ խումբին հիւրը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի կազմին միացաւ Տուէյն Ճեքսըն, որ փոխարինեց Քլէյանթոնի Ըրլին: Ճեքսըն նախապէս 2015-ին միացած էր ՀՄԸՄ-ի եւ մինչեւ 2017 կրած էր ՀՄԸՄ-ի շապիկը, ապա 2020-ին վերամիացած էր խումբին կարճ ժամանակով: