Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Մարդ – Մարզիկի Վերջին Մոհիկան` Սըր Պոպի Չարլթոն

November 4, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Մարդկային արժէքներու անկումի, վայրագ դրամատիրութեան իշխանութեան եւ անհամ համաշխարհայնացումի անշնչելի ժամանակներուն մէջ իր աչքերը յաւերժ փակեց ՄԱՐԴԿԱՅԻ՛Ն ոչ մեքենական, գեղեցիկ ֆութպոլի վերջին անմահ տիպարը:

Ինչպէս որ ակնկալելի էր, ըստ ներկայի ըմբռնումներուն` անոր մասին աւելի շատ նշուեցան թիւեր, նուաճումներ, մրցանակներ, մրցանիշներ, որոնք բոլորն ալ գնահատելի ըլլալով հանդերձ, անգերազանցելի չէին, եւ ժամանակը հաստատեց այդ իրողութիւնը. եկան մարզիկներ, որոնք այդ թիւերը գերազանցեցին:

Լրատուամիջոցներ, մարզական հաղորդավարներ եւ թղթակիցներ տուրք տալով այսօրուան գործնապաշտ, շահադիտական պայմաններուն, մթնոլորտին եւ ըմբռնումներուն, աւելի խօսեցան Չարլթոնի ոտքերուն մասին, քան անոր նկարագիրին, մարդկային արժէքներուն:

Այդ այժմ կորսուող արժէքներու երկար շարք մը չենք ուզեր թուել: Նշենք միայն քանի մը հատ:

Ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզը ձգելէ կարճ ժամանակ ետք, Չարլթոն տնօրէն նշանակուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին, որուն բոլոր մրցումներուն ներկայ կ՛ըլլար իր կնոջ հետ, եւ խաղերէն ետք ինչ ալ ըլլար արդիւնքը կ՛երթար հանդերձարան, մարզիկներուն քաջալերական քանի մը խօսք ըսելու: Ոչ մէկ ժխտական արտայայտութիւն:

Շուրջ քսան տարուան արհեստավարժ իր ասպարէզին մէջ, Պոպի Չարլթոն միայն ՄԷԿ անգամ իրաւարարէն ազդարարութիւն (այսօրուան դեղին քարտ) ստացած է եւ այդ ոչ թէ մրցակից մարզիկի մը դէմ կոշտ խաղարկութեան համար, այլ` ազատ հարուած մը ուշացնելուն:

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աջ յետսապահ Կերի Նեւիլ, Անգլիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքի խաղի մը ընթացքին, երբ մրցակից յառաջապահը յաճախ նեղ կացութեան մատնեց զինք, դիտմամբ շատ կոշտ հարուածեց անոր ոտքին եւ գետին փռեց: Համակիրները ուրախացան, սկսան ծափել: Մրցումէն ետք Սըր Պոպի Չարլթոն գնաց հանդերձարան եւ Կերի Նեւիլին ըսաւ.

– Մենք այդ չենք ըներ: Մենք քլաս ցոյց կու տանք:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նիւքէսըլ – Արսենալ Եւ Տորթմունտ – Պայերն Միւնիխ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Պատժամիջոցներ Հաստատած Է Թուրքիոյ, Չինաստանի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու 130 Կազմակերպութիւններու Եւ Անձերու Դէմ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.