Եունայթըտ Պիտի Շարունակէ՞ Յաղթական Երթը
Այսօր եւ վաղը կը շարունակուին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումները, ուր տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի 4-րդ շաբթուան մրցումները:
Իտալիոյ «հսկաներէն» Ա. Սէ. Միլան, որ շատ լաւ օրերու մէջ չէ, պիտի հիւրընկալէ 6-րդ խմբակի առաջին դիրքը գրաւող Փարիզ Սեն Ժերմենը: Փարիզի կազմը 6 կէտ ունի, մինչ Ա. Սէ. Միլան` 2: 4-ական կէտ ունին Տորթմունտ եւ Նիւքեսըլ, որոնք իրար դէմ ելոյթով կը բաժնուին իրարմէ: Տորթմունտ 3-րդ շաբթուան մրցումներուն 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձած էր Նիւքեսըլի դաշտէն: Այսօր մրցումը Գերմանիոյ մէջ է: Նշենք, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Ա. Սէ. Միլանին, Ֆրանսայի մէջ:
Վաղը, առաջին խմբակին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ վերջին մրցումներուն համեմատաբար աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգէ, պիտի մեկնի Դանիա` մրցելու համար Քոփենհակընի դէմ:
Անգլիոյ մէջ, 2 շաբաթ առաջ, Եունայթըտ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր շնորհիւ Հերի Մաքկուայըրի կոլին: Վերջինս հետզհետէ կը վերագտնէ իր ինքնավստահութիւնը:
Ստորեւ` այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը. բոլոր մրցումները` ժամը 10:00-ին, (բացի Տորթմունտի եւ Պարսելոնայի մրցումներէն, որոնք ժամը 7:45-ին տեղի կ՛ունենան).
Ե. ԽՄԲԱԿ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Սելթիք
Լացիօ Ռոմա – Ֆեյենուրտ
Զ. ԽՄԲԱԿ
Տորթմունտ – Նիւքեսըլ
Ա. Սէ. Միլան – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Է. ԽՄԲԱԿ
Կարմիր Աստղ Պելկրատ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Մանչեսթըր Սիթի – Եանկ Պոյզ
Ը. ԽՄԲԱԿ
Շախթիոր Տոնեցք – Պարսելոնա
Փորթօ – Անթուերփ
Վաղը (բոլոր մրցումները` ժամը 10:00-ին, բացի Նափոլիի եւ Սոսիետատի մրցումները` ժամը 7:45-ին)
Ա. ԽՄԲԱԿ
Պայերն Միւնիխ – Կալաթասարայ
Քոփենհակըն – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Բ. ԽՄԲԱԿ
Արսենալ – Սեւիլա
Փ. Ս. Վ. Այնտհովըն – Լանս
Գ. ԽՄԲԱԿ
Նափոլի – Ունիոն Պերլին
Ռէալ Մատրիտ – Պրակա
Դ. ԽՄԲԱԿ
Ռէալ Սոսիետատ – Պենֆիքա
Ռետ Պուլ Զալցպուրկ – Ինթեր Միլան