Իտալիոյ Ֆրոսինոնէ խումբի գերմանացի յառաջապահ Արիոն Իպրահիմովիչ իւրայատուկ մրցանիշ մը իրագործած է:
Արդարեւ, 17 տարեկան Իպրահիմովիչ, որ փոխ տրուած է Պայերն Միւնիխէն 1 տարեշրջանի համար, Էմփոլիի դէմ մրցումին կոլ մը նշանակած է եւ այլ կոլի փոխանցում մը կատարած, երբ իր խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Էմփոլիի:
Ըստ ՕՓԹԱ-ի Իպրահիմովիչը Եւրոպայի թոփ 5 լիկերու ամէնէն երիտասարդ մարզիկն է, որ մրցումի մը ընթացքին կոլ մը եւ կոլի մը փոխանցումը (էսիսթ) կը կատարէ:
Պէտք է նշենք, որ Իպրահիմովիչ 5 մրցում կատարած է Ֆրոսինոնէի հետ, նշանակած 2 կոլ եւ 2 կոլերու ալ փոխանցում կատարած է: