Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Իրաւարարը Յաղթեց Արսենալին»` Ըստ Արթեթային

November 6, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տորթմունտ Իր Դաշտին Վրայ 4 Կոլ Ստացաւ Պայերնէն

Շաբաթ երեկոյեան, «Սէյնթ Ճէյմս Փարք»-ի դաշտին վրայ Նիւքեսըլ հիւրընկալեց Արսենալը: Մրցումը հաւասար կ՛ընթանար, երբ 64-րդ վայրկեանին «ահաւոր բան մը պատահեցաւ»` ըստ Արսենալի մարզիչ Միքել Արթեթայի: ՎԱՐ-ի (վիտէոյով կրկնութիւնը դիտել) 4 վայրկեան ուշացումէն ետք, 1-0 ի նպաստ Նիւքեսըլի: Արդարեւ, ձախող հարուածէ մը ետք գնդակը կ՛ուղղուէր դէպի քոռնըրի դրօշակ, բայց Ճօ Ուիլոք ձեւով մը ներս փորձեց պահել` յիշեցնելով մոնտիալին Ճափոն-Գերմանիա մրցումին գնդակը (դուրս ելլելը կամ չելլելը): Ուիլոք օվըր բարձրացուց, Ճոլինթըն գլխու հարուած տուաւ` Կապրիելի ուսերուն վրայէն բարձրանալով: Անթոնի Կորտըն կոլին առջեւ առանձին (հաւանաբար օֆ-սայտ) նշանակեց պարապ բերդին մէջ:

Իրաւարարները 4 վայրկեան դիտելէ ետք վիտէոյի սենեակէն, կոլ յայտարարեցին: Ըստ Արթեթայի, գնդակը դուրս էր սկսելու համար: Ապա Ճոլինթընի գլխու հարուածը ֆաուլ էր Կապրիէլի վրայ, եւ Կորտըն օֆ-սայտի դիրքի վրայ էր, երբ գնդակը իրեն հասաւ: Անցեալ ամիս Լիվըրփուլի մարզիչ գերմանացի Եուրկըն Քլոփ, գանգատ ներկայացուցած էր ֆետերասիոնին եւ առաջարկած մրցումին կրկնութիւնը` Թոթենհամի դէմ: Այդ ժամանակ ՎԱՐ-ի սխալին համար (Լուիս Տիասի «մաքուր» կոլը օֆ-սայտ հաշուած) Արթեթա յայտնած էր, թէ «սխալներ կ՛ըլլան»: Այժմ Արթեթա կ՛ըսէ, թէ ասիկա ըլլալիք չէ, եւ անընդունելի է, մանաւանդ որ խումբեր դիրքեր կը կորսնցնեն այս տեսակի սխալներէ:

Այլ մրցումի մը, Մանչեսթըր Եունայթըտ շնորհիւ Պրունօ Ֆեռնանտեսի կոլին յաւելեալ վայրկեաններուն (90+) կրցաւ 6-րդ դիրք բարձրանալ Ֆուլհամի դէմ մրցումին: Հերի Մակուայըր, որ լաւագոյն մարզիկը ընտրուեցաւ մրցումին, օֆսայտ դիրքի մէջ էր, երբ նախապէս Եունայթըտ կոլ մը նշանակած էր շնորհիւ Մաքթոմինէի:

Մանչեսթըր քաղաքի միւս խումբը` ախոյեան Սիթին, լաւ արդիւնքով լայն յաղթանակ մը արձանագրեց Պորնմաութի դէմ: Այս մրցումին, նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ վիրաւորուեցաւ 47-րդ վայրկեանին: Պորնմաութ 18-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Սիթի առաջին դիրք բարձրացաւ սպասելով Թոթենհամ – Չելսի այսօրուան մրցումի արդիւնքը: Լոնտոնի տերպիին Թոթենհամ պիտի փորձէ յաղթել, որպէսզի վերադառնայ Ա. դիրք:

Գերմանիոյ մէջ, ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումի մը. Սիկնալ Իտունա դաշտին վրայ Տորթմունտ «տեր քլասիքըր» մրցումին հիւրընկալեց Պայերն Միւնիխը: 4-րդ վայրկեանին, Սանէի քոռնըրէն ետք Ուփամեքանօ, որ նոր վերադարձած էր կանաչ դաշտ (վիրաւորուած էր), գլխու հարուածով նշանակեց Պայերնի անակնկալ կոլը:

Պայերն աւելի եւս սկսաւ ճնշել, մինչ Տորթմունտ կորսուած վայրկեաններ կ՛անցընէր: Տորթմունտ կը յարձակէր 8-րդ վայրկեանին, երբ Սանէ հակայարձակումի անցաւ, տուաւ ձախ` Կորեցքային, որ փոխանցեց դէպի կեդրոն` Հերի Քէյնին, որ շատ հանգիստ նշանակեց 2-րդ կոլը: Այս կոլէն ետք մրցումին կշիռը փոխուեցաւ, եւ Պայերն աւելի տիրապետեց, բայց թաքըլներ սկսան, եւ Սանէ դեղին քարտ մը ստացաւ: 36-րդ վայրկեանին Կորիցքա կողմնակի մկրատային հարուած փորձեց, Տորթմունտի բերդին քովէն անցաւ: Կիսախաղ չեղած Պայերնի մարզիչ Թոմաս Թուխել դեղին քարտ մը ստացաւ գանգատելուն համար: Կիսախաղին` փոխարինումներ, բայց Պայերն շարունակեց նոյն ընթացքը: Մուսիսլա առիթ ունեցաւ 46-րդ վայրկեանին, ապա Տէյվիս Կորեցքայի հետ փոխանցումներէ ետք հարուածեց… Բայց զսպուեցաւ: Քոմանի փոխանցումէն ետք Հերի Քէյն 72-րդ վայրկեանին նշանակեց Պայերնի 3-րդ կոլը: 19 տարեկան սերպ միջնապահ Ալեքսանտր Փաւլովիչ, որ փոխարինած էր Ուփամեքանոն (60-րդ վայրկեանին), 93-րդ վայրկեանին փոխանցեց Հերի Քէյնի, որ ամբողջացուց իր հեթ-թրիքը (3 կոլ): Ասիկա Քէյնի 3-րդ հեթ-թրիքն է Պայերնի հետ: Ան այժմ 10 մրցում կատարած է Պայերնի հետ` նշանակելով 15 կոլ:

Հակառակ այս յաղթանակին, Պայերն 26 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` Պայեր Լեւերքուզընի ետին (28 կէտ): Լեւերքուզըն 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Հոֆընհայմի դաշտին վրայ, 2-րդ կիսախաղին 2 արագ կոլ ստացաւ 2 վայրկեանի ընթացքին (56 եւ 58 վայրկեան), բայց սպանացի Ալեքս Կրիմալտօ նշանակեց Լեւերքուզընի 3-րդ կոլը 70-րդ վայրկեանին: Նախապէս Ֆլորիան Վիրց (9 վայրկեան) եւ Կրիմալտօ (45-րդ վայրկեանին) նշանակած էր մարզիչ Չաւի Ալոնսոյի տղոց կոլերը:

Իտալիոյ 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Միլանոյի քաղաքի 2 խումբերը տարբեր արդիւնքներ ձեռք ձգեցին: Արդարեւ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ 5-րդ դիրքը գրաւող Աթալանթայի դաշտէն, շնորհիւ Չալհանօղլուի (փենալթիով) եւ արժանթինցի Լաութարօ Մարթինեսի կոլերուն:

Ա. Սէ. Միլան իր դաշտին վրայ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ուտինեզէի դէմ մրցումին: Միակ կոլը նշանակեց Ռոպերթօ Փերէյրա (Արժանթին) փենալթիով:

Անցեալ տարուան ախոյեան Նափոլի 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սալերնիթանոյի դաշտէն: Ճիաքոմօ Ռասփատորի եւ Էլյիֆ Էլմաս նշանակեցին Նափոլիի կոլերը:

Ֆրանսայի մէջ ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Մոնփելիէի դէմ մրցումին: Լի, Զայիր-Էմետի եւ Վիթինիա նշանակեցին 3 անպատասխան կոլերը:

Մոնաքօ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 6-րդ դիրքը գրաւող Պրեսթի վրայ: Տենիս Զաքարիա 16-րդ վայրկեանին նշանակեց Մոնաքոյի առաջին կոլը, իսկ Ալեքսանտր Կոլովին աւելցուց երկրորդ կոլը 69-րդ վայրկեանին:

Մարսէյ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիլի հետ, մինչ Լիոն 1-1 արդիւնք մը արձանգրեց Մեձի հետ:

Նախորդը

Թենիս. Ճոքովիչ 7-րդ Անգամ Ըլլալով Փարիզի Մրցաշարքի Ախոյեան

Յաջորդը

Կռփամարտ. Նոել Միքայէլեան` «Տապլիու Պի. Սի.»-ի Ծանր Կշիռի Աշխարհի Ախոյեան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.