Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Էմպիիտ Փայլեցաւ Հարտընի Երթալէն Ետք

November 4, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ «հանգիստ միտքով» շարունակեց իր յաղթական երթը, երբ 114-99 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթօ Ռէփթըրզը:

Հարտընի` Լոս Անճելըս Քլիփըրզ փոխանցուելէն ետք առաջին մրցումին, Ժոել Էմպիիտ 28 կէտ նշանակեց, ձեռք ձգեց 13 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց: Մարզիչ Նիք Նըրսի կարծիքով` ան 4 պլոք ալ ըրած էր, բայց երբ պաշտօնական ցուցատախտակին վրայ տեսաւ 1 պլոք, զարմացած ըսաւ. «Կ՛երեւի մրցումի ընթացքին պլոք ընելը կամ փոխանցում մը «արգիլելը» պլոք կարծեցի: Բարձր կեդրոնացումով խաղացինք, եւ ոչ մէկ նիւթ մեզ շեղեց մրցումի մթնոլորտէն: Տղաքը համոզուած էին, որ տակաւին լաւ խումբ ենք», ըսաւ Նըրս:

Քելի Ուպրէ Ճունիոր եւ Թոպիաս Հերիս 23-ական կէտ աւելցուցին 76-ըրզի հաշուոյն: Թայրիս Մեքսի 18 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ կազմին: Միւս կողմէ, Սքոթի Պանզ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ռեփթըրզի:

Ռեփթըրզ կրեց տարեշրջանի իր 4-րդ պարտութիւնը 6 մրցումներու ընթացքին. մինչ 4 մրցում կատարած 76-ըրզ 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց:

4-րդ յաղթանակը ապահովեց նաեւ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ, որ Տիթրոյիթի մէջ 116-125 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Փիսթընզը: Սի. ՃԷյ. Մըքոլում 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փելիքընզի, որ 1 պարտութիւն ունի, մինչ Քէյտ Քանինկհեմ 22 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Տիթրոյիթի:

Ֆէօնիքս Սանզ, որ 2 օր առաջ իր դաշտին վրայ վերջին երկվայրկեանին պարտութիւն մը կրած էր Սան Անթոնի Սփըրզէն (115-114), այս անգամ աւելի դիւրին տեղի տուաւ նոյն դաշտին վրայ` 132-121: Անգամ մը եւս լուսարձակները ուղղուեցան 19 տարեկան ֆրանսացի  նիհար «հսկային»` Վիքթոր Ուեմպանեամայի վրայ (2,24 մեթր), որ իր 5-րդ մրցումի ընթացքին 38 կէտ նշանակեց, ձեռք ձգեց 10 ռիպաունտ արձանագրելով իր երկրորդ տապըլ տապըլը:

Սփըրզ ինքզինք պարտադրեց մրցումին սկիզբէն եւ 19 կէտով յառաջացաւ (39-20): Եղաւ պահ մը, որ առաւելութիւնը 27-ի հասաւ 2-րդ մասին, բայց Ֆէօնիքս բաւական ինքզինք գտաւ եւ մօտեցաւ, սակայն վերջին մասին արդէն յստակ էր, որ աւելի մօտենալը գրեթէ անկարելի էր:

Զեք Քոլինզ աւելցուց 19 կէտ ի նպաստ Սփըրզի, որ իր 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց 5 մրցումներու ընթացքին:

Ֆէօնիքսի լաւագոյն նշանակողներն էին Տեւըն Պուքըր (31 կէտ, 13 էսիսթ) եւ Քեւըն Տիւրենթ (28 կէտ): Տիւրենթ մրցումէն ետք յայտնեց, որ «Ուեմպի» տարբեր ոճի խաղցող մըն է, որ ըստ երեւոյթին նոր գիծ մը պիտի բանայ իր պասքեթպոլի պատմութեան մէջ»: Իր կարգին, Ուեմպլի ըսաւ. «Էն. Պի. Էյ.»-ը աշխարհի լաւագոյն աթլեթները ունի: Բայց ըստ երեւոյթին, ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ»:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 99-144
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 116-125
Օրլանտօ Մեճիք – Եութա Ճեզ 115-113
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆէօնիքս Սանզ 132-121

Նախորդը

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Փոքրիկները Ստացան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութիւնը

Յաջորդը

«Կ՛արժէր», Կ՛ըսէ Սիթիի Մարզիկը, Որ Իր Մարմնին Վնաս Հասցուց` Աւարտականը Խաղալու Համար

RelatedPosts

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ  Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար

September 23, 2026
Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով`  Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց
Մարզական

Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով` Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

September 23, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան  Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.