Շաբաթավերջին Տալաս Մեւրիքս իր առաջին պարտութիւնը կրեց ախոյեան Տենվըր Նակեթցի դաշտին վրայ:
Տենվըրի թիւ 1 աստղն էր սերպ Նիքոլա Եոքիչ, որ 33 կէտ նշանակեց, ինչպէս նաեւ 14 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ կատարեց: Ամէնէն լաւ տեսարանն էր կիսախաղի սուլիչին (պազըրին) 3 կէտնոց կողովը` Եոքիչի:
Մայքըլ Մալոն (Տենվըրի մարզիչ) ըսաւ. «Իրապէս արժէքաւոր մարզիկ մըն է… Աննման, ամէն գիշեր պատրաստ է նոյն մակարդակի պասքեթ խաղալու: Ամէն մրցումի իր ներկայութիւնը կը փաստէ: Կայունութիւնը իր թիւ 1 ուժն է, միշտ կայուն եւ միշտ պատրաստ»:
Լոքա Տոնչիչ 34 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ կատարեց. ան նաեւ… 9 թըրն օվըր կատարեց (գնդակ կորսնցնել): Քայրի Ըրվինկ 2 մրցում բացակայելէ ետք վերադարձաւ 22 կէտ նշանակելով:
«Շատ լաւ կէտեր կան… Այսօր պարտուեցանք իր թըրն օվըրներուն եւ յարձակողական արագ խաղարկութեան պատճառով: Կը կարծեմ, որ եթէ այս մէկը անցեալ տարեշրջանին ըլլար, 30 կէտով կը պարտուէինք», ըսաւ Տոնչիչ:
Նակեթց, դաշտը կապոյտով դեղին ներկած էր, թեքնիք սխալ մը նկատեց 3 կէտի գիծը վերստին ներկելով: Պէտք է ըսել, որ երկու խումբերն ալ 41,7 տոկոսով նշանակեցին 3 կէտեր, մրցումի ընթացքին` 72-էն 30-ը:
Պրուքլինի մէջ, Պոսթըն Սելթիքս շարունակեց իր յաղթական երթը եւ 124-114 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցին:
Ճէյսըն Թէյթըմ 32 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: 25 տարեկան Թէյթըմ 2-րդ մասին իր 10 հազարերորդ կէտը նշանակեց` դառնալով պատմութեան ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ 10 հազար կէտը կ՛անցնի` գերազանցելով Անթուան Ուոքըրի մրցանիշը (26 տարեկանին):
Ճէյլըն Պրաուն (23 կէտ) Քրիսթափս Փորզինկիս (22 կէտ) Ճրու Հոլիտէյ (18 կէտ, 10 էսիսթ) եւ Լիւք Քորնեթ (11 կէտ) նաեւ փայլեցան Սելթիքսի հետ:
Քեմ Թոմաս 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նեթցի: Մրցումը այնքան ալ դիւրին չէր Սելթիքսի համար, որ 2 անգամ ետ մնաց Պրուքլինէն, մանաւանդ 3-րդ մասին: «Պէտք է այս մրցումներուն յաղթենք: Մեր լաւագոյն խաղերը չէին, բայց կրցանք յաղթել», ըսաւ Փորզինկիս:
Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.
ՇԱԲԱԹ
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 116-121
Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս 105-110
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 141-139
Պրուքլին Նեթց – Շիքակօ Պուլզ 109-107
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մայեմի Հիթ 114-121
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 113-115
Տալաս Մեւրիքս – Տենվըր Նակեթց 114-125
ԵՐԷԿ
Ֆէոնիքս Սանզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 100-112
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 123-105
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 101-120
Չարլոթ Հորնեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 125-124′
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 95-123
Սաքրամենթօ Քինկզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 89-107
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց 124-114
Շիքակօ Պուլզ – Տենվըր Նակեթց 101-123


