Շաբաթավերջին Մայեմիի մէջ «Տապլիու Պի. Սի.»-ի ծանր կշիռի (91 քկ-էն վար) (Քրուզըրուէյթ) կռփամարտի տիտղոսին համար իրար դէմ մրցեցան գերմանացի հայ կռփամարտիկ Նոել Միքայէլեան եւ Իլունկա Ճունիոր Մաքապու (Քոնկօ): Մաքապու, որ նախապէս շահած էր ախոյեանի տիտղոսը, 2-րդ ռաունտին գետին ինկաւ Նոելի աջ բռունցքի հարուածով: Հազիւ ոտքի ելած, Նոել կրկին փորձեց հարուածել, բայց արդէն Մաքապու ինքզինք գտած էր: 3-րդ ռաունտին սակայն Մաքապու անգամ մը եւս «գետին փռուեցաւ» եւ հազիւ ոտքի ելած արդէն հաշուարկին մէջ մինչեւ 10 հասած էր իրաւարարը, որ վերջ դրաւ մրցումին` Նոելի յաղթանակով:
Այսպիսով, 33 տարեկան Նոել, որուն բուն անունն է Նորայր Միքայէլեան, բայց աւելի ծանօթ է Նոել Կեւոր Միքայէլեան անունով (ծածկանունը` «մութ ձի» (տարք հորս), տիտղոս մը եւս աւելցուց իր ցանկին վրայ: Ան 2014-ին շահած էր «Տապլիու Պի. Օ.»-ի երիտասարդներու ծանր կշիռի տիտղոսը, 2015-ին` «Տապլիու Պի. Օ.»-ի միջազգային ծանր կշիռի տիտղոսը, որ պահեց մինչեւ 2017:
«Չէի յուսար այսքան արագ եւ կանուխ նաք աութ, բայց գիտէի, որ պիտի յաղթեմ այս գիշեր: Շատ ուրախ եմ: 2 տարի սպասելէ ետք, շատ մօտ էի այն ժամանակ ալ շահելու գօտին, եւ այս անգամ կասկած չկար: Շատ լաւ խումբ մը ունիմ (մարզիչներու)… Եւ առաջին գերմանացին եմ, որ աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոս կը շահիմ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ 90 տարիէ ի վեր: Վերջինը Մաքս Շմելինկն էր», ըսաւ Նոել: