Երէկ վերջ գտաւ Փարիզի փակ մրցաշարքը, որ «Մասթըրզ 1000» մրցաշարքերուն մաս կը կազմէ, երբ աւարտականին աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ 1 ժամ 38 վայրկեանի պէտք ունեցաւ յաղթելու պուլկար թենիսմեն Կրիկոր Տիմիթրովին` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով: Թիւ 17 դասուած Տիմիթրով, որ 6 տարի առաջ թիւ 3 թենիսմենն էր եւ Պուլկարիոյ պատմութեան լաւագոյնը, մինչեւ աւարտական դուրս ձգած էր Հուպերթ Հուրքաչը (թիւ 11) եւ Սթեֆանոս Ցիցիփասը (թիւ 6):
Ճոքովիչ, որ իր կարգին (կրցաւ իր առողջական վիճակին ալ յաղթել) դժուարութեամբ յաղթած էր Հոլկըր Ռունէին (թիւ 7) եւ Անտրէ Ռուպլեւին (թիւ 5), համեմատաբար աւելի դիւրին մրցակից ունէր աւարտականին, ուր շահեցաւ իր 40-րդ «Մասթըրզ 1000» մրցաշարքը (նոր մրցանիշ): Այս տիտղոսը իր ասպարէզի 97-րդն է եւ տակաւին Ֆետերերի (103) եւ Ճիմի Քանըրզի (109) մրցանիշէն ետ կը մնայ:
Ճոքովիչ 6 էյս կատարեց, մինչ Տիմիթրով` 5:
Աղջկանց Մասթըրզի մրցաշարքը տակաւին կ՛ուշանայ օդերեւութաբանական վատ պայմաններուն պատճառով:
Երէկ խաղցուեցաւ կիսաւարտականի առաջին մրցումը, ուր Ճեսիքա Փեկուլա (Միացեալ Նահանգներ) կրցաւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել Քոքօ Կաֆի վրայ` 6-2, 6-1 արդիւնքով: 29 տարեկան Փեկուլա, որ թիւ 5 դասուած էր, դժուարութիւն չունեցաւ թիւ 3 դասուած Կաֆի դէմ (19 տարեկան):
Աւարտականին, ան կը սպասէ թիւ 1 դասուած Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիա) – Իկա Շվիաթեք (Լեհաստան) մրցումին յաղթականին:
22 տարեկան Շվիաթեք 2-1 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ անձրեւը կիսատ ձգեց մրցումը: 25 տարեկան Սապալենքա խմբակներու գծով նախապէս պարտուած էր Փեկուլայէն` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով: