«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Պոսթըն Սելթիքս, որ միակ անյաղթ խումբն էր մինչեւ Մինիափոլիս մեկնիլը, պարտութեամբ վերադարձաւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դէմ մրցումէն: Մրցումը եղաւ լաւագոյն յարձակողականի եւ պաշտպանողականի ճակատում, ուր որեւէ խումբ 8 կէտէն աւելի չկրցաւ հեռանալ միւսէն: Մրցումի բնական ժամանակը վերջացաւ 101-101 արդիւնքով: Անթոնի Էտուըրտզ իր 38 կէտերէն 8-ն նշանակեց երկարաձգումին, եւ Մինեսոթա 114-109 արդիւնքով կրցաւ յաղթական դուրս գալ:
Ճէյտըն Մաքտենտիըլզ 20 կէտ եւ Ռուտի Կոպեր 14 կէտ եւ 12 ռիպաունտ նշանակեցին, եւ Մինեսոթա իր դաշտին վրայ անյաղթ կը մնայ (4-0)` արձանագրելով իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը:
Մրցումի բնական ժամանակէն 1,41 երկվայրկեան մնացած, Մաքտենտիըլզ 3 կէտով կողով մը նշանակեց` արդիւնքը հաւասարեցնելով 101-101-ի: 90 երկվայրկեանի ընթացքին 2 խումբերը միասնաբար 5 անգամ ձախողեցան որեւէ կողով նշանակել, եւ կատարեցին 4 թըրնօվըրներ (գնդակ կորսնցնել):
Մրցումին աստղը` Էտուըրտզ իր վերջին մրցումներուն 38 կէտ, 9 ռիպաունտ 7 էսիսթ (Պոսթընի դէմ), 31 կէտ, 8 ռիպաունտ, 6 էսիսթ (Եութայի դէմ), 2 կէտ 2 ռիպաունտ, 1 էսիսթ (Տենվըրի դէմ), 31 կէտ 5 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ (Աթլանթայի դէմ) նշանակած է` դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի լուսարձակի տակ եղող աստղերէն:
Ճէյսըն Թէյթըմ 32 կէտ նշանակեց եւ Ճէյլըն Պրաուն 26 կէտ աւելցուց ի նպաստ Սելթիքի, որ 6 մրցումներ յաղթելով 2009-2010 տարեշրջանէն ետք իր լաւագոյն արդիւնքները կ՛արձանագրէր:
Ժոել Էմպիիտ եւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ առաջին մրցումին պարտուելէ ետք արձանագրեցին 5-րդ յաջորդական յաղթանակը:
Ժոել 48 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որ Հարտընի մեկնելէն ետք` Քլիփըրզ, շատ աւելի արագ եւ ամբողջական պասքեթպոլ կը ցուցաբերէ:
Ֆիլատելֆիա, որ 146-128 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի, պահ մը մինչեւ 27 կէտ յառաջացաւ: Այլ ժամանակ Ուաշինկթըն 7 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ 76-ըրզի վրայ: Քայլ Քուզմա 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուաշինկթընի, որ յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը կրեց:
Տալաս Մեւրիքս 117-102 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Օրլանտօ Մեճիքի դէմ` շնորհիւ Լուքա Տոնչիչի (29 կէտ), Քայրի Ըրվինկի (21 կէտ 10 էսիսթ) եւ Թիմ Հարտըուէյի (21 կէտ): Մարզիչ Ճէյսըն Քիտ ըսաւ. «Երբ թիւ 77 (Տոնչիչ) եւ թիւ 11 (Քայրի) ունենաս… ամէն ինչ դիւրին կ՛ըլլայ խումբին մէջ»:
Օրլանտօ 15 կէտով յառաջդիմած էր, երբ Տալաս մրցումին 3-րդ մասին «կատղեցաւ» եւ նշանակեց 33 կէտ (3-րդ մաս) եւ 31 կէտ (4-րդ մաս)` նոյն ժամանակ արգիլելով Օրլանտոյի, որ 19 կէտէ աւելի նշանակէ (17 կէտ 3-րդ մասին) եւ (19 կէտ 4-րդ մասին):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրծ 146-128
Օրլանտօ Մեճիք – Տալաս Մեւրիքս 102-117
Ինտիանա Փէյսըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 152-111
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 109-120
Նիւ Եորք Նիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 111-97
Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 108-107
Պրուքլին Նեթց – Միլուոքի Պաքս 125-129
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Աթլանթա Հոքս 126-117
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Պոսթըն Սելթիքս 114-109
Հիւսթըն Ռոքեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 122-97
Շիքակօ Պուլզ – Եութա Ճեզ 130-113
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 134-116