 Երէկ Լիբանանի պատանիներու ազգային խումբը իր առաջին մրցումը ունեցաւ:
Երէկ Լիբանանի պատանիներու ազգային խումբը իր առաջին մրցումը ունեցաւ:
12 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ նորակազմ է, ընտրած էր 30 մարզիկներ: 30 մարզիկները ընտրուեցան մօտ 400 տղոց թրայ-աութերէ ետք:
Ազգային խումը սկզբունքով երէկ բարեկամական մրցում մը պիտի ունենար Սուրիոյ պատանիներու ազգային խումբին դէմ, սակայն քաղաքական պայմաններու պատճառով մրցումը յետաձգուեցաւ: Ֆետերասիոնը որոշեց կատարել մրցում մը Ա. եւ Բ. խումբերուն միջեւ, որպէսզի մրցում մը կատարեն պատանիները իրար դէմ: Ազգային խումբին մաս կը կազմէ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Հրակ Կարապետեան, որ մաս կը կազմէ նաեւ ռիպաունտ ակադեմիոյ եւ հակառակ տարիքին (12 տարեկան) 1,80 մեթր հասակ ունի եւ բաւական լաւ պասքեթպոլ կը խաղայ: ՀՄԸՄ-ի ապագայ մարզիկ ըլլալ խոստացող Հրակ մաս կազմեց երէկուան մրցումին եւ լաւ տպաւորութիւն ձգեց:
Կը շնորհաւորենք Հրակը եւ իր ընտանիքը` մաղթելով յարատեւ վերելք եւ փայլուն ապագայ:
 
			

