Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այս Ուրբաթ` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

April 10, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս ուրբաթ ժամը 20:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը վճռական մրցում մը ունին կատարելիք Շանվիլի դէմ:

Անցեալ կիրակի օր, ՀՄԸՄ շատ լաւ ելոյթէ մը ետք կրցած էր 85-93 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Տիք Մըհտիէն` Շանվիլի դէմ առաջին մրցումին:

Ֆայնըլ 8-ն կրնանք աւարտել ուրբաթ օր` յաղթելով մեր համակիրներուն ներկայութեան: Վերջիններս պէտք է 40 վայրկեան քաջալերեն մեր տղաքը:

Շատ անգամ համակիրներ բազմաթիւ խումբերու քաջալերելու ժամանակ կրնան ժխտական ձեւով ճնշում բանեցնել իրենց խումբին վրայ: Ճիշդ այս պատճառով ալ մեր համակիրները պէտք է մեր մարզիկները քաջալերեն եւ մրցակիցին կամ իրաւարարին նկատմամբ քիչ մը աւելի զուսպ ըլլան` նկատի ունենալով, որ ունինք «տաք մարզիկներ», որոնք կրնան անզսպելի դառնալ ի վնաս մեր խումբին:

Յամենայն դէպս, առաջին մրցումը յաղթելէ ետք, պէտք է մեր տղաքը աւելի հանգիստ խաղան մեր համակիրներուն քաջալերանքով` հասնելու յաղթանակին:

Ժատ Խալիլ վստահաբար աւելի հանգիստ մրցում մը պիտի կատարէ` նկատի ունենալով, որ անցեալ մրցումին ան դաշտ ներկայացած էր առանց փորձերու մասնակցելու` մէկ շաբաթէ աւելի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Քաջալերելի էր վերադարձը Կերի Չիւիչեանի, որ 3 ամիսներէ աւելի հեռու մնացած էր դաշտէն, եւ կը սպասուին իր 3 կէտնոց կողովները` պէտք եղած ժամանակ: Զեք Լոֆթըն, Տուէյն Ճեքսըն եւ Ճամալ Ճոնզ իրենց փորձառութեամբ պիտի օգնեն տիրանալու վերջնական յաղթանակին, որ խումբը պիտի հասցնէ ֆայնըլ 4 կամ կիսաւարտական հանգրուան:

Խմբապետ Ժերար Հատիտեան կիրակի օր բաւական հսկայ մրցակից մը ունենալով` յանձին Իպրահիմա Թոմասի, քիչ մը դժուար մրցում մը կ՛ունենայ, բայց իրմէ սպասուածը լի ու լի կատարեց: Կապրիէլ (Կեպի) Աճէմեան իր պայքարով եւ առիւծի սրտով ուժ եւ քաջալերանք կու տայ իր խմբակիցներուն, բայց ուշադիր պէտք է ըլլայ կանուխ ֆաուլեր չկատարելու:

Ճիմի Սալեմի եւ Թանիոս Աքիքիի գործը թերեւս երկրորդական է, սակայն նոյնքան կարեւոր է, երբ Ճեւիըն Պլէյքի նման օտար շատ լաւ մակարդակի մրցակից մը ունիս եւ պէտք է պաշտպանես ամէն գնով:

Պէտք է զգուշ ըլլալ ամէն տեսակի ֆաուլերէն: Եթէ կրցանք այս մէկը յաջողցնել, ՀՄԸՄ անպայման դրական արդիւնքով կ՛աւարտէ ֆայնըլ 8-ը:

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Ազգային Խումբը` 95-րդ

Յաջորդը

Թուրքիա Իսրայէլի Դէմ Քայլեր Կ՛որդեգրէ Կազա Օդի Ճամբով Օժանդակութիւններ Հասցնելու Անգարայի Խնդրանքը Մերժելուն Համար

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.