Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները 3 արծաթէ մետալ, ինչպէս նաեւ 2 պրոնզ մետալ շահեցան, յայտնեց Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը:
Արծաթէ մետալ շահած են 51 քկ կշիռի Դաւիթ Սաֆայեան, 92 քկ կշիռի Դաւիթ Սիմոնեան եւ գերծանր կշիռի Միսաք Տեպանեան:
Հայաստանի հաւաքականի Էրիք Առստամեան եւ Լուսիա Աւետիսեան նուաճեցին պրոնզ մետալներ:
Նշենք, որ Սերպիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը, եւ Հայաստանի հաւաքականը այդ ախոյեանութեան պիտի մասնակցի 19 մարզիկներով: