Այսօր վերջ կը գտնեն Էն. Պի. Էյ.-ի բնական ախոյեանութեան մրցումները, երբ բոլոր խումբերն ալ կը կատարեն իրենց 82-րդ մրցումը:
Երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով 16 խումբերէն միայն 5 խումբեր իրենց վերջնական դիրքերը հաստատած են:
Պոսթըն Սելթիքս գրաւած է Արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը, մինչ Շիքակօ Պուլզ պիտի մնայ 9-րդ դիրքին վրայ, իսկ Աթլանթա Հոքս` 10-րդ:
Արեւմտեան շրջանին մէջ միայն Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (4-րդ) եւ Տալաս Մեւրիքս (5-րդ դիրք) իրենց դիրքերուն վրայ պիտի մնան, այսօրուան արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ:
Ճիշդ է, որ միայն 8 խումբեր կը մասնակցին փլէյ օֆին, բայց «Էն. Պի. Էյ.» առիթ տուած էր 7-էն 10-րդ դիրքերը գրաւող խումբերուն, որոնցմէ լաւագոյնները զտուելէ ետք պիտի մտնեն փլէյ օֆ: 7-րդ դիրքը գրաւող խումբը պիտի մրցի 8-րդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ, եւ յաղթականը պիտի գրաւէ -րդ դիրքը, մինչ պարտուող խումբը պիտի մրցի 9-րդ ընդդէմ 10-րդ մրցումի յաղթականին դէմ` գրաւելու 8-րդ եւ վերջին տոմսը:
Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքին համար կը մրցին Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ եւ Տենվըր Նակեթց (անցեալ տարուան ախոյեան): Երեք խումբերն ալ 56 յաղթանակ եւ 25 պարտութիւն ունին, եւ այսօր Թանտըր-Տալաս, Մինեսոթա-Ֆինիքս մրցումները շատ տաք պիտի ըլլան: Ֆինիքս Սանզ պիտի փորձէ անպայման յաղթել` գրաւելու ապահով 6-րդ դիրքը, մինչ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ կը փորձէ յաղթել` գրաւելու առաջին դիրքը:
Սանզի անմիջական մրցակիցը (6-րդ դիրքի պայքարին)` Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ, պիտի հիւրընկալէ Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, որուն գրաւելիք դիրքը կրնայ ըլլալ 8-րդ (յաղթանակի պարագային) կամ 10-րդ` պարտութեան պարագային:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Ֆինիքս Սանզ
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Տալաս Մեւրիքս
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Եութա Ճեզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Չարլոթ Հորնեթց
Ինտիանա Փէյսըրզ – Աթլանթա Հոքս
Մայեմի Հիթ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ
Օրլանտօ Մեճիք – Միլուոքի Պաքս
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պրուքլին Նեթց


