Երէկ 2024-ի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ջահը վառեցաւ հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ` ամբողջացնելով վերջին փուլը` 7 տարիներու պատրաստութիւններուն:
Փարիզի Ողիմպիականը, որ 33-րդ ամառնային Ողիմպիականն է, կը սկսի 26 յուլիսին եւ կ՛աւարտի 11 օգոստոսին:
Աշխարհի մեծագոյն միջազգային մարզական իրադարձութիւններու շարքին կը նկատուին այս խաղերը, ուր աշխարհի տարբեր երկիրներ ներկայացնող հազարաւոր մարզիկներ կը մասնակցին բազմատեսակ մրցումներու:
Ժամանակակից ողիմպիական խաղերու ստեղծումը ոգեշնչուած է հին Ողիմպիական խաղերէն, որոնք տեղի կ՛ունենային հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ, ՆՔ 8-րդ դարէն սկսեալ:
ՅՔ 4-րդ դարուն այդ խաղերը կ՛արգիլուին, եւ մինչեւ 1894` Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի կազմուիլը, Ողիմպիական խաղեր չկային:
1896-ին Աթէնքի մէջ տեղի կ՛ունենան ժամանակակից առաջին Ողիմպիական խաղերը` ՄՈԿ-ի ղեկավարութեամբ (Միջազգային ողիմպիական կոմիտէ):
Նախապէս Փարիզ երկու անգամ հիւրընկալած է այս խաղերը, առաջինը` 1900-ին (2-րդ ողիմպիական), իսկ երկրորդը` 1924-ին (8-րդ ողիմպիական): Այժմ 100 տարի վերջ Փարիզ 3-րդ անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ ինչպէս ըսինք 33-րդ Ողիմպիական խաղերը:
Երէկուան հանդիսութեան ընթացքին ջահը վառեց յոյն դերասանուհի Մարի Մինա, ներկայացուած իբրեւ քրմուհի, սկսելով դրօշարշաւի նման արշաւ մը, որ մարզիկէ մարզիկ կը փոխանցուի Յունաստանէն Ֆրանսա:
«Այս դժուար պայմաններուն մէջ` պատերազմ, անհամաձայնութիւններ, ժողովուրդները այլեւս զզուեցան ատելութենէն, ժխտական լուրերէն», ըսաւ ՄՈԿ-ի նախագահ Թոմաս Պախ, բացման խօսքին ընթացքին:
«Մենք կարօտը ունինք իրար միացնող բանի մը, մեզ յոյս ներշնչող բաներու: Այսօրուան ողիմպիականի ջահը այդ յոյսի նշանն է»:
Նշենք, որ ՄՈԿ իրաւունք տուաւ ռուս եւ Պիելռուս աթլեթներու, որ մասնակցին այս խաղերուն: Հակառակ անոր որ Ուքրանիոյ մէջ տակաւին պատերազմ կայ, բայց անոնք իբրեւ չէզոք անհատներ պիտի մասնակցին, առանց դրօշակի եւ քայլերգի, որոշում մը, որ զայրացուցած էր Ռուսիան:
Ջահը վառող քրմուհին այնուհետեւ վառեց ջահը Սթեֆանոս Նթուսքոսի, որ Յունաստանի Ողիմպիականի թիավարութեան ախոյեանն է` դառնալով առաջին դրօշարշաւի մարզիկը, որ կարճ վազքէ մը ետք ջահը փոխանցեց ֆրանսացի 3 անգամ ողիմպիականի ախոյեան (լողարշաւի) Լոր Մանոտուի, իբրեւ ներկայացուցիչ ֆրանսական խումբին:
Ֆրանսայի դրօշարշաւը պիտի տեւէ 68 օր եւ կ՛աւարտի Փարիզի մէջ` վառելով Ողիմպիական պաշտօնական խաղերու ջահը 26 յուլիսին` բացման հանդիսութեան ընթացքին: