Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հասաւ Ֆայնըլ 4

Ապրիլ 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ գիշեր, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, շատ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրցան պարտութեան մատնել Շանվիլ դպրոցի Մարիսթ խումբը եւ արդիւնքը 2-0 դարձնելով հասան կիսաւարտական հանգրուան կամ ֆայնըլ 4:

Տարեշրջանի սկիզբը խումբին նպատակն էր հասնիլ ֆայնըլ 4, սակայն տարեշրջանի ընթացքին դժուար կ՛երեւէր այդ նպատակին իրագործումը: Օտարներ փոխուեցան, մարզիկները աւելի ինքնավստահ դարձան, սկսանք իբրեւ խումբ աւելի ներդաշնակ խաղ կիրարկել եւ անակնկալի բերինք 4-րդ դիրքը գրաւող Շանվիլը, երբ շատեր կը կարծէին, թէ մրցակիցը յաւելեալ առաւելութիւն ունի 3 օտարներով խաղալով: Սակայն յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով ՀՄԸՄ փաստեց, որ դժուար մրցակից մըն է:

Ուրբաթ օր բազմաթիւ տղաք իրենց լաւ օրերուն մէջ չէին, մանաւանդ մրցումի առաջին կիսախաղին:

Մրցումին սկիզբը ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ ձախող էին ռիպաունտ հաւաքելու թէ 3 կէտնոց կողովներ նշանակելու առումով:

Առաջին մասին 25-22 առաւելութիւն ձեռք ձգած մեր տղաքը 2-րդ մասին ետ մնացին, մանաւանդ երբ Կեպի Աճէմեան փոխարինուեցաւ:

Տուէյն Ճեքսըն, որ ձախ ձեռքի մէկ մատը կոտրած ըլլալով պահեստի աթոռներուն նստած էր, ստիպուեցաւ մասնակցիլ, մանաւանդ որ Ճամալ Ճոնզ բնաւ լաւ ելոյթ չունեցաւ առաջին 3 մասերուն, մինչ Զեք Լոֆթըն «ջղային» պահեր անցուց, բայց ինքզինք վերագտնելով լաւ 4-րդ մաս մը բոլորեց:

2-րդ մասին, Մարիսթ 28-17 արդիւնքով յառաջացաւ եւ կիսախաղին 42-50 արդիւնքով կը յաղթէր:

Խմբապետ Ժերար Հատիտեան, որ մինչեւ կիսախաղ 8 կէտ նշանակած էր, 3-րդ մասին 9 կէտ նշանակեց, մինչ Տուէյն Ճեքսըն 5 կէտ աւելցուց: Պաշտպանողական գետնի վրայ, ՀՄԸՄ շատ լաւ ձեւով կրցաւ պաշտպանուիլ Մարիսթի յարձակումներէն, եւ միայն 10 կէտ կրցաւ նշանակել Շանվիլի խումբը:

Վերջին մասին, Մարիսթ 63-58 արդիւնքով կը յառաջանար, երբ Զեք Լոֆթըն, Տուէյն Ճեքսըն, Կեպի Աճէմեան, Ժերար Հատիտեան եւ Ճամալ Ճոնզ փայլեցան ճիշդ ժամանակին:

Արդարեւ, յաջորդական կողովներէ ետք ՀՄԸՄ յառաջացաւ 66-63 արդիւնքով եւ Մարիսթի տղոց շատ քիչ առիթ տուաւ իրենք զիրենք գտնելու: Մարիսթ 4-րդ մասի 6-րդ վայրկեանին 13 կէտ նշանակած էր միայն:

Ճամալ Ճոնզի առաջին յաջող կողովը նշանակուեցաւ, երբ ժամացոյցի վրայ տակաւին կար 3,44 վայրկեան: Ճամալ Ճոնզ 7 կէտ նշանակեց, մինչ Տուէյն Ճեքսըն` 2 հատ 3 կէտնոց կողով, մրցումը աւարտելով 84-75 արդիւնքով: Մարիսթի եւ Լիբանանի լաւագոյն օտար մարզիկներէն Ճեվիըն Պլէյք 24 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 14 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ:

ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկներն էին Ժերար Հատիտեան (21 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց), Զեք Լոֆթըն (18 կէտ, 9 ռիպաունտ, 6 էսիսթ), Տուէյն Ճեքսըն (18 կէտ), Կապրիել (Կեպի) Աճէմեան (13 կէտ, 4 ռիպաունտ), Ճամալ Ճոնզ (7 կէտ, 9 ռիպաունտ), Ժատ Խալիլ (5 կէտ) Ճիմի Սալեմ (2 կէտ): Կերի Չիւիչեան 6 վայրկեան մասնակցեցաւ եւ ձեռք ձգեց (3 ռիպաունտ):

Համակիրները գրեթէ ամբողջ մրցումի տեւողութեան քաջալերեցին տղաքը եւ օրինակելի էր իրենց կեցուածքը:

Այս ձեւով ՀՄԸՄ-ի տղաքը հասան այս տարեշրջանի նպատակին, եւ յաջորդ հանգրուանին` կիսաւարտականին (ֆայնըլ 4) պիտի մրցին ախոյեան Ռիատիի դէմ, որ ամբողջական կազմ մըն էր, եւ խումբը յաւելեալ օտար մարզիկներով բարեփոխեց: Ռիատի ձեռք ձգեց Աւստրալիոյ ազգային խումբի աստղերէն Թոն Մէյքըր, ինչպէս նաեւ ամերիկացի Ճոնաթըն Սիմընզ:

Ռիատի, որ ֆայնըլ 8-ին կը մրցէր Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ, շաբաթ օր 103-73 արդիւնքով յաղթեց` աւելցնելով առաջին մրցումի յաղթանակին վրայ (87-69):

Պէյրութ Ֆըրսթ 98-65 արդիւնքով կրցած էր Անթունիէին յաղթել եւ այսօր պիտի կատարէ 2-րդ ճակատումը` Անթունիէի դաշտին վրայ:

Սաժես 114-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը, իրենց առաջին ճակատումին: Անդրանիկ մինչեւ կիսախաղ կը յաղթէր 2 կէտի առաւելութեամբ (49-51), սակայն 3-րդ մասին միայն 9 կէտ կրցաւ նշանակել` Սաժեսի 31-ին փոխարէն: Երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ օր, Անդրանիկի դաշտին վրայ:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Պատանիներու Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի

Յաջորդը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի 2 Մրցումներ Յետաձգուեցան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Իր 3-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Իր 3-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հեծելարշաւ.  «Ռոտ Ռէյս» Մրցումի Բաժակ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Ռոտ Ռէյս» Մրցումի Բաժակ

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան Եւրոպայի Ախոյեան

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?