Երէկ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենային ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի մրցումները:
Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի մեծ եւ փոքր տղոց խումբերը մրցումներ ունէին, սակայն քաղաքական անկայուն կացութեան պատճառով, չկրցան հասնիլ Մըզհեր, եւ մրցումները յետաձգուեցան:
Օրուան միակ մրցումին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ տղոց (15 տարեկեան եւ վեր) խումբը 77-33 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի մեծ տղոց խումբը:


