Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Ապրիլ 16, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր տեղի կ՛ունենան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի դարձի գծով երկու մրցումներ:

Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա կը հիւրընկալէ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը:

Չաւի (Պարսայի մարզիչ) յայտնեց, որ իր խումբը պատրաստ է ճակատամարտի` Փարիզի կազմին դէմ, հասնելու կիսաւարտականին, վերջին 5 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով:

Պարսելոնա երթին Ֆրանսայի մէջ կրցած էր 3-2 արդիւնքով յաղթել, բայց Չաւի Հեռնանտեսի քաթալաններու կազմը պէտք է անսխալ ֆութպոլ խաղայ, եթէ կ՛ուզէ հասնիլ կիսաւարտականի: «Ֆութպոլի պատերազմ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Չաւի` աւելցնելով. «Խումբ մը չենք, որ սպասենք, թէ մրցակիցը ի՛նչ պիտի ընէ: Մենք գնդակը հեռու պիտի պահենք փարիզեան կազմէն եւ մրցումը յաղթենք. յոյսով ենք, որ մեր լաւ օրերէն մէկը կ՛ըլլայ: Մեզմէ շատ բան կը սպասուի»:

Փարիզի մէջ յաղթանակը (երթին) վերջին 4 տարիներու առաջինն էր «Չեմփիընզ լիկ»-ին նաք-աութ հանգրուանի գծով եւ ինքնավստահութիւն ներշնչեց խումբին, որ 6 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրեց բոլոր մրցաշարքերուն գծով:

Անոնք 3-5 արդիւնքով պարտուելէ ետք Պարսենոլայի մէջ Վիարէալէն յունուարին, պարտութիւն չեն կրած: Այդ օրերուն, Չաւի որոշած էր լքել իր պաշտօնը այս ամրան, սակայն այժմ 13 մրցումներ ետք եւ առանց պարտութեան, Ֆրանսայի մէջ ալ լաւ ելոյթ ունենալով, կրցան յաղթել Փարիզ Սեն Ժերմենին, անոր 27 անյաղթ մրցումներու շարքը կոտրել, եւ այսօրուան դարձի մրցումը ճիշդ ժամանակն է: «Ուրախ ենք մեր հասած տեղին համար եւ հպարտ ենք անով: Կարծեմ լաւ է ժամանակը, եւ շատ խանդավառուած եմ: Արդէն կը զգանք այս բոլորը: Պէտք է մեր զգացումները զսպենք եւ… Մրցում մըն է, ուր կա՛մ գլուխը կ՛ըլլաս, կա՛մ պոչը: Կ՛ուզենք գնդակին տիրապետել, ինչպէս նաեւ կ՛ուզենք ցուցադրել խումբին լաւագոյն դիմագիծը», աւելցուց Չաւի` նշելով. «Կ՛ուզենք, որ մեր համակիրները շատ աղմուկ հանեն, որովհետեւ Փարիզի խումբը պիտի յոգնեցնէ մեզ, կասկած չկայ, եւ պէտք է պատրաստ ըլլանք խմբային ըլլալ համակիրներուն հետ ալ` միասնաբար յաղթելու»:

Գերմանիոյ մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտը:

Երթին Սպանիոյ մէջ Աթլեթիքօ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր, սակայն ամէն մրցում իր պարագաները ունի, եւ նախկին օրէնքը չկայ դաշտէն դուրս աւելի կոլ նշանակելու առաւելութեան առումով, այլ պարզապէս նկատի կ՛առնուին երկու մրցումներու ընդհանուր կոլերը (կարեւոր չէ դաշտէն ներս թէ դուրս), եւ առաւելագոյնը նշանակողը կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:

Այլ խօսքով` եթէ Տորթմունտ այսօր 1-0 արդիւնքով յաղթէ, նախկին օրէնքի համաձայն Տորթմունտ կ՛անցնէր յաջորդ հանգրուան, դաշտէն դուրս կոլ նշանակելուն պատճառով: Այժմ կը դիմուի փենալթիներու, որովհետեւ երկու մրցումներու կոլերու հաշիւը 2-2 կ՛ըլլայ:

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումին արդիւնքը).

Պարսելոնա (Սպանիա) – Փարիզ Սեն Ժերմեն (Ֆրանսա) (3-2)
Տորթմունտ (Գերմանիա) – Աթլեթիքօ Մատրիտ (Սպանիա) (1-2)

ՎԱՂԸ

Մանչեսթըր Սիթի (Անգլիա) – Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա) (3-3)
Պայերն Միւնիխ (Գերմանիա) – Արսենալ (Անգլիա) (2-2)

Նախորդը

«Պունտըսլիկա». Պայեր Լեւերքուզըն Գերմանիոյ Ախոյեան` Առաջին Անգամն Ըլլալով

Յաջորդը

Հրաձգութիւն. Էլմիրա Կարապետեան` Ոսկի Մետալակիր

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?