 Էմ. Էմ. Էյ.-ի Եու. Էֆ. Սի. 300 մրցումներուն ծիրին մէջ, թեթեւ կշիռի մրցումներուն, Արման Ծառուկեան իրաւարարներու որոշումով պարտութեան մատնեց պրազիլցի Չարլզ Օլիվէյրան, 3 ռաունտէ ետք:
Էմ. Էմ. Էյ.-ի Եու. Էֆ. Սի. 300 մրցումներուն ծիրին մէջ, թեթեւ կշիռի մրցումներուն, Արման Ծառուկեան իրաւարարներու որոշումով պարտութեան մատնեց պրազիլցի Չարլզ Օլիվէյրան, 3 ռաունտէ ետք:
Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումներուն, Ծառուկեան երկու իրաւարարներէ ստացաւ 29-28 առաւելութիւն, մինչ երրորդ իրաւարարը 29-28 արդիւնք շնորհեց մրցակից Օլիվէյրային:
Ծառուկեան մեծ քայլ առաւ աշխարհի ախոյեան դառնալու` առիթ ունենալով մրցելու Եու. Էֆ. Սի.-ի ախոյեան իսլամ Մախաչեւի դէմ, որ 2019-ին դժուարութեամբ յաղթած էր Արմանին, վերջինիս առաջին արհեստավարժ մրցումին` Եու. Էֆ. Սի.-ի ախոյեանութեան:
«5 տարի առաջ էր իմ չյիշուած մրցումս Մախաչեւի դէմ: Իր ամէնէն դժուար մրցակիցը եղած եմ: Ես ինքնավստահ եմ, որ կրնամ զինք պարտութեան մատնել: Միայն առիթը տուէք», ըսաւ Ծառուկեան:
Մրցումը հազիւ սկսած, Օլիվէյրա կրցաւ տիրապետել Արմանի վիզին վրայ, բայց Արման հակառակ կարմրելուն կրցաւ ազատիլ: Օլիվէյրա անմիջապէս գետին բերաւ Արմանը` հարուածելով արմուկով եւ բռունցքով, սակայն ամենայն ճկունութեամբ Արման կրցաւ շրջել մրցակիցը եւ ինք սկսաւ հարուածելու` արիւնլուայ դարձնելով Օլիվէյրան:
Արման ձեռք ձգեց իր 22-րդ յաղթանակը, 3 պարտութեան կողքին:
 
			

