Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի կ՛ունենայ հրաձգութեան` ողիմպիականի հասնելու վերջին կարեւոր մրցաշարքը:
10մ օդամղիչ ատրճանակի աղջկանց մրցումներուն ախոյեան դարձաւ Էլմիրա Կարապետեան:
Կարապետեան, 581 կէտ ձեռք ձգելով գրաւած էր 3-րդ դիրքը եւ հասած աւարտական հանգրուան: Աւարտականին հայ մարզիկը 240,7 կէտ շահելով իր բոլոր մրցակիցներուն գերազանցեց` դառնալով մրցաշարքի ախոյեան եւ ոսկի մետալակիր: Էլմիրա Կարապետեան արդէն իսկ իրաւունք ունէր մասնակցելու Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիականին:
Նշենք, որ 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի զոյգերու մրցումին, Էլմիրա Կարապետեան-Բենիկ Խլղաթեան զոյգը 5-րդ դիրքը գրաւեցին:
Հայաստանի ներկայացուցիչները Պրազիլի այս մրցաշարքին երեք մարզիկներ էին. Էլմիրա Կարապետեան, Բենիկ Խլղաթեան եւ Հրաչ Բաբայեան: