Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռիատի Շատ Հանգիստ Յաղթանակով Սկսաւ 118-75
Երէկ Լիբանանի եւ Ուասլի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր առաջին մրցումին շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Չինաստանի ախոյեան Լիաոնինկ Ֆլայինկ Լեփըրտծի դէմ` 118-75 արդիւնքով: Արդիւնքը շատ աւելի կրնար ըլլալ, սակայն Ռիատի, որ 100-51 արդիւնքով աւարտած էր 3-րդ մասը, իր պահեստի բոլոր տղաքը դաշտ ներկայացուց` առիթ տալով բոլորին եւ հանգստացնելով իր մարզիկները, որոնք վաղը պիտի մրցին Տուպայի Շապապ Ահլիին...




















