Այս շաբաթ ազգային խումբերու շաբաթ է, եւ մինչեւ յառաջիկայ երեքշաբթի, Եւրոպայի մէջ զանազան հաւաքականներ բարեկամական փորձ-մրցումներ կը կատարեն, կարգ մը հաւաքականներ պատրաստուելու համար Եուրօ 2024-ին, իսկ ուրիշներ` «Նէյշընզ լիկ»-ին:
Հայաստանի հաւաքականը Լիուպլիանայի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եուրօ 2024-ի մասնակից Սլովենիոյ հաւաքականէն:
Եան Մլաքար, որ մաս կը կազմէ Իտալիոյ Փիզա ակումբին (Բ. դասակարգ), 11-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը անզսպելի հարուածով մը: Մինչեւ կիսախաղ Սլովենիա 1-2 առիթ եւս ունեցաւ, սակայն Հայաստանի բերդապահ Օկնյեն Չանչարեւիչ մնաց անդրդուելի:
Հայաստան մասնաւոր լուրջ առիթ չստեղծեց մինչեւ կիսախաղ: Բ. կիսախաղին, Ալեքսանտր Փեթրաքովի ցուցմունքներէն ետք, Հայաստանի ազգային խումբը բոլորովին տարբեր ձեւով խաղցաւ եւ վտանգեց Սլովենիոյ բերդը:
Առիթները կոլի չվերածուեցան, բայց 56-րդ վայրկեանին, Էտուարտ Սփերձեանի քոռնըրէն ետք խմբապետ Վարազդատ Հարոյեան գլխու հարուածով մը նշանակեց Հայաստանի հաւասարութեան կոլը:
63-րդ վայրկեանին Եոսիփ Իլիչիչ նշանակեց Սլովենիոյ 2-րդ կոլը: 67-րդ վայրկեանին, Էտկար Սեւիկեան եւ Արթուր Սերոբեան փոխարինեցին Վահան Պիչախչեանն ու Ժիրայր Շաղոյեանը: Հայաստանի հաւաքականը շարունակեց վտանգել Սլովենիոյ բերդը, սակայն առիթները կոլի չկրցաւ վերածել: 73-րդ վայրկեանին, Ուրարտուի միջնապահ Գէորգ Տարագճեան առաջին անգամ ըլլալով կրեց ազգային խումբի շապիկը` դաշտ ներկայանալով եւ փոխարինելով Արթուր Միրանեանը: Փիւնիկէն Յովհաննէս Յարութիւնեան փոխարինեց Արտակ Տաշեանը: Մրցումի աւարտին 12 վայրկեան մնացած Նայիր Թիկնիզեան փոխարինուեցաւ Էտկար Գրիգորեանով, իսկ Կամօ Յովհաննիսեանի փոխարինեց Դաւիթ Դաւիթեան:
Սլովենիա Բ. կիսախաղին դէպի Հայաստանի բերդը արձակեց երկու հարուած, որոնցմէ մէկը կոլի վերածուեցաւ, մինչ Հայաստանի 14 հարուածներէն 5-ը բերդի սահմաններուն մէջ էին, բայց միայն 1-ը կոլի վերածուեցաւ:
Վաղը, Հայաստանի հաւաքականը կը հիւրընկալէ Ղազախստանի հաւաքականը «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական դաշտին վրայ:
Նշենք, որ երկուշաբթի գիշեր Եուրօ 2024-ի հիւրընկալ Գերմանիա սպիտակ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ուքրանիոյ հետ, իսկ 2020-ի Եւրոպայի ախոյեան Իտալիա երեքշաբթի գիշեր Պոլոնիայի մէջ 0-0 արդիւնք մը` Թուրքիոյ հետ:
Ստորեւ` կարեւորագոյն մրցումներուն արդիւնքները եւ յառաջիկային կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը.
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ճիպրալթար – Սկովտիա 0-2
Խրուաթիա – Հիւսիսային Մակեդոնիա 3-0
Անգլիա – Պոսնիա 3-0
Գերմանիա – Ուքրանիա 0-0
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Ռումանիա – Պուլկարիա 0-0
Սլովենիա – Հայաստան 2-1
Զուիցերիա – Էսթոնիա 4-0
Փորթուգալ – Ֆինլանտա 4-2
Իրլանտա – Հունգարիա 2-1
Աւստրիա – Սերպիա 2-1
Իտալիա – Թուրքիա 0-0
ԱՅՍՕՐ
Ճիպրալթար – Կալես
Նետերլանտներ – Քանատա
ՎԱՂԸ
Պիելոռուսիա – Ռուսիա
Չեխիա – Մալթա
Հայաստան – Ղազախստան
Ռումանիա – Լիխթընշթայն
Անգլիա – Իսլանտա
Գերմանիա – Յունաստան
Լեհաստան – Ուքրանիա
Սկովտիա – Ֆինլանտա
ՇԱԲԱԹ ՕՐ
Սլովենիա – Պուլկարիա
Շուէտ – Սերպիա
Զուիցերիա – Աւստրիա
Փորթուգալ – Խրուաթիա
Դանիա – Նորվեկիա
Պելճիքա – Լիւքսամպուրկ
Սպանիա – Հիւսիսային Իրլանտա
ԿԻՐԱԿԻ
Իտալիա – Պոսնիա
Սլովաքիա – Կալես
Մոնթենեկրօ – Վրաստան
Ֆրանսա – Քանատա


