Երէկ Լիբանանի եւ Ուասլի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր առաջին մրցումին շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Չինաստանի ախոյեան Լիաոնինկ Ֆլայինկ Լեփըրտծի դէմ` 118-75 արդիւնքով:
Արդիւնքը շատ աւելի կրնար ըլլալ, սակայն Ռիատի, որ 100-51 արդիւնքով աւարտած էր 3-րդ մասը, իր պահեստի բոլոր տղաքը դաշտ ներկայացուց` առիթ տալով բոլորին եւ հանգստացնելով իր մարզիկները, որոնք վաղը պիտի մրցին Տուպայի Շապապ Ահլիին դէմ:
Էլմետտին Քիքանովիչ (27 կէտ, 9 ռիպաունտ՛, Զեք Լոֆթըն (20 կէտ, 9 էսիսթ) Ուաէլ Արաքժի (18 կէտ, 8 էսիսթ), Հայկ Կէօքճեան (14 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Թոն Մէյքըր (14 կէտ) եղան Ռիատիի լաւագոյն մարզիկները:
Բ. խմբակէն Ճափոնի ախոյեան Հիրոշիմա Տրակոնֆլայզ 86-69 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանի ախոյեան Փելիթա Ժայա խումբը:
Ուասլի 3-րդ դիրքը գրաւող Իրանի Շահրտարի Կորկան խումբը 102-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց քորէական Ք.Ս.Ս. Էկիս խումբը:


