Երէկ Սաֆայի դաշտին վրայ Լիբանանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբը բարեկամական մրցում մը կատարեց Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբին դէմ:
Մրցումը բաւական հետաքրքրական էր, հակառակ բարեկամական ըլլալուն, ուր Հայաստանի երիտասարդները շատ աւելի արագ, շատ աւելի կազմակերպուած ըլլալով շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեցին, մանաւանդ օգտուելով Լիբանանի պաշտպաններու սխալներէն:
Նարեկ Յովհաննիսեան (41-րդ եւ 73-րդ վայրկեաններուն), ինչպէս նաեւ Արթուր Ղարիպեան նշանակեցին Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբի անպատասխան կոլերը:


