Երէկ առաւօտ սկսան «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի աւարտականի ճակատումները առաջին մրցումով, ուր Պոսթըն Սելթիքս կրցաւ իր Թի. Տի. Կարտընի դաշտին վրայ ուրախ պահել Մեսեչուսեթց նահանգի համակիրները` յաղթելով առաջին ճակատումին:
Պոսթընի լաթվիացի մարզիկ Քրիսթափս Փորզինկիս 1 ամիս հեռու մնալէ ետք վերադարձաւ եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ մրցումի ընթացքին վրայ:
Ճէյլըն Պրաուն 22 կէտ նշանակեց, մինչ Փորզինկիս պահեստի աթոռները ձգելով միացաւ եւ 20 կէտ նշանակեց:
Տերիք Ուայթ 15 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պոսթընի, որ 29 կէտի առաւելութիւն մը ունէր կիսախաղին` նշանակելով 16 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ:
«Օլ Սթար»-ի աստղերէն Ճէյսըն Թէյթըմ 16 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պոսթընի, որ կը փորձէ 18-րդ անգամ ըլլալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան առանձին դառնալ` մրցանիշ արձանագրելով: Ան այժմ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի նման 17 ախոյեանութիւն ունի:
Տալաս 3-րդ մասին 8 կէտի նուազեցուց տարբերութիւնը, սակայն Պոսթըն 14 յաջորդական կէտեր նշանակելով վերստին հեռացաւ:
Լուքա Տոնչիչ 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, մինչ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն 14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ աւելցուց: Սակայն Տալաս յարձակողական իմաստով լաւ չէր եւ 25 կէտ չկրցաւ նշանակել մրցումի որեւէ մասին ընթացքին:
Սակայն Տոնչիչ բնաւ յուսահատ չէ: «Կա՛մ կը յաղթես, կա՛մ կը պարտուիս: 4 մրցում յաղթելն է կարեւորը, պէտք է կեդրոնանալ կիրակի գիշերուան մրցումին վրայ», ըսաւ սլովենիացի Տոնչիչ:
Պոսթընի նախկին մարզիկներէն Քայրի Ըրվինկ լաւ ելոյթ չունեցաւ եւ 12 կէտ նշանակեց միայն: Անոր անունին նշուելէն ետք մրցումին սկիզբը, համակիրներու կողմէ վատ ընդունելութիւն ստացաւ: Մրցումին ժամանակ ալ ամէն գնդակին դպնալուն համակիրները «պու» կը բացագանչէին: Նոյն մթնոլորտը սկսած էր 2022-ի փլէյ օֆի մրցումի մը Թի. Տի. Կարտընի մէջ, ուր Քայրի Ըրվինկ անախորժ ձեւով «պատասխանած էր» համակիրներուն եւ տուգանքի ենթարկուած մրցումէն ետք:
«Կը կարծէի, որ աւելի վատ պիտի ըլլայ մթնոլորտը, երկրորդ մրցումին ալ նոյն մթնոլորտը կ՛ակնկալեմ: Համակիրները կը փորձեն կեդրոնացումս խախտել: Առաջին անգամ չէ, որ Պոսթընի մէջ կը պարտուիմ, բայց չեմ ուզեր նոյն բանը շարունակուի», ըսաւ Ըրվինկ:
Պոսթըն կը փորձէ 2008-էն ի վեր իր առաջին ախոյեանութիւնը ձեռք ձգել, եւ 10 օրուան դադարէ ետք տակաւին մթնոլորտին մէջ էր:
Առաջին 3 մասերուն, Տալաս միայն 5 էսիսթ կատարած էր, թիւ մը, որ վերջին 3 տարիներուն ամէնէն նուազն է «Էն. Պի. Էյ.»-ի որեւէ մրցումի մը:
«Պէտք է գնդակը դարձնենք աւելի արագ: Մարզիկի մը մօտ շատ կը մնայ գնդակը», ըսաւ Տալասի մարզիչ Ճէյսըն Քիտ:
Կիրակի գիշեր տեղի կ՛ունենայ երկրորդ ճակատումը, ապա երկու յաջորդական մրցումներ` Տալասի դաշտը:


