Վաղը ժամը 21:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջկանց խումբը պիտի կատարէ իր 5-րդ մրցումը` Աուֆիա Ռիատիի դէմ:
Վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդ խումբը, որ կը մասնակցի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին խմբակին մէջ, 65-36 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Սփորթինկ Պքեննայա խումբին դէմ:
Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւերով ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու մեր երիտասարդ խումբը, որ պէտք ունի քաջալերանքի եւ յաղթանակի:
Պուրճ Համուտի աղջիկները չորեքշաբթի օր պիտի կատարեն իրենց վերջին մրցումը, Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ, Մութթահետի դէմ (ժամը 19:30-ին):


