Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամները Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած միջազգային ըմբշամարտի մրցաշարքը աւարտեցին յաջող արդիւնքներով:
Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, 61 քկ կշիռի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան աւարտականին յաղթեց Թայիրբեկ Ժումաշբեկուլուին` դառնալով ոսկի մետալակիր:
70 քկ կշիռի մրցումներուն, Վազգէն Թեւանեան եւ Արման Անդրէասեան պիտի մրցէին աւարտականին, սակայն Թեւանեան չներկայացաւ շահելով արծաթ մետալը, մինչ Արման Անդրէասեան շահեցաւ ոսկին:
Արդէն իսկ աւելի կանուխ մրցաշարքի մը, Արսէն Յարութիւնեան եւ Վազգէն Թեւանեան իրաւունք ստացած էին մասնակցելու Փարիզի 2024-ի ամառնային ողիմպիականի մրցումներուն:


