Երեւան դարձած է եւ կը շարունակէ դառնալ մեծ մրցաշարքեր հիւրընկալելու վայր: Արդարեւ, Երեւանի մէջ սկսած է կիրարկուիլ նոր տարածուած մարզաձեւ մը, ուր ծանրաբարձեր կը մասնակցին այլ ձեւերով ծանրութիւններ բարձրացնելով «Օլտ Սքուլ» Սթրոնկմեն Եւրոպայի ախոյեանութեան:
10 տարբեր երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 40 մարզիկներ, տեղի ունեցան 3 տարբեր տեսակի վարժութիւններ` Զերչեր, Լոկլիֆթ եւ Տերլիֆթ:
Զերչեր վարժութիւնը այն ձեւն է, ուր մարզիկը իր բազուկներուն մէջ կ՛առնէ ծանրաձողը եւ կը բարձրացնէ զայն ոտքի: Լոկ լիֆթ վարժութիւնը այն է, երբ մարզիկը կը բարձրացնէ խողովակի նման ծանրաձողը, իսկ տեր լիֆթը այն է, երբ մարզիկը գետնէն կը բարձրացնէ ծանրաձողը` ուղիղ կենալով մինչեւ կռնակը շտկուի:
Ստեփան Շահումեանի անուան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած մրցաշարքին, ներկայութեամբ բազմաթիւ համակիրներու, լաւագոյնները որոշուեցան 11 կշիռներու կարգերով:
Այս մրցումներուն մասնակցեցան նաեւ յայտնի ծանրաբարձեր Իզապելլա Եայլեան եւ Տաթեւ Յակոբեան: Երկու աստղերն ալ ոսկի մետալներ շահեցան Հայաստանի դրօշին տակ: Իզապելլա 54 քկ կշիռի մրցումներուն, իսկ Տաթեւ` 82 քկ կշիռի մրցումներուն:
Եւրոպայի ախոյեան դարձան նաեւ 70 քկ կշիռի Եուրի Սաքունցը, 80 քկ կշիռի Գէորգ Առաքելեանը եւ 108 քկ կշիռի Արտիոմ Խուկոյեանը:
Հայաստանի դրօշին տակ մասնակցող Իննա Ժիլկինա, ինչպէս նաեւ Սամուէլ Սարգսեան ոսկի մետալներ ստացան իրենց կշիռներու «մասթըրզ» կարգին (40-էն վեր տարիքային մրցումներուն):