Անցեալ տարի, աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն տիրապետեց Մոնրէալի կրան փրիին, առաջին դիրքէն սկսելով (փոլ փոզիշըն) եւ աւարտելով նոյն դիրքին վրայ, բայց այժմ տարբեր պայմաններու մէջ կը գտնուի իր յաջորդական 3-րդ Քանատայի կրան փրին շահելու, այս շաբաթավերջին:
Վերջին երեք կրան փրիները շահած են 3 տարբեր վարորդներ, եւ անցեալ տարի 22 կրան փրիներէն 19-ն շահած Վերշթափըն, վերջին 6 կրան փրիներէն 3-ը կրցած է շահիլ միայն:
Զարմանալիօրէն, բնական ճամբաներու վրայ կայացած կրան փրիները, որոնք Մ. տառով կը սկսին (Մելպուռն, Մայեմի եւ Մոնաքօ), ուրախ աւարտ չեն ունեցած վերջին 3 տարիներու աշխարհի ախոյեանին համար, եւ Վերշթափըն պէտք է ազատի այդ չար բախտէն` Մոնրէալի մէջ:
Ֆեռարի, որ Աւստրալիոյ (Քարլոս Սայնց) եւ Մոնաքոյի մէջ (Շարլ Լըքլեր) յաղթեց, պիտի փորձէ Մոնրէալի մէջ ալ շահիլ շրջավազքի մը, որ կոչուած է Ֆեռարիի նախկին վարորդ Ժիլ Վիլնէօվի անունով:
Վերշթափըն յուլիս 2022-էն ի վեր 2 յաջորդական կրան փրիներու ընթացքին ձախողութիւն չէ արձանագրած եւ յոյսով է, որ այս շաբաթավերջին կրնայ շահիլ Քանատայի մէջ, հակառակ անոր որ նետերլանտցի վարորդը յայտնած էր, որ Ռետ Պուլի տկար կէտը դարձուածքներու վրայ է, ուր աւելի ժամանակ կը կորսնցնէ այլ ինքնաշարժներու բաղդատմամբ:
Տարուան 9-րդ մրցումն է այս շաբաթ, ուր արագ դարձուածքները կրնան օգնել ժամանակ շահելու արագ կրան փրիի մը:
«2022-էն ունինք այս հարցը, բայց անշուշտ 2 տարիէ ի վեր մեր ինքնաքարժը շատ աւելի արագ էր միւսներէն եւ զգալի չէր այդ կէտը: Հիմա հիմնական հարցը դարձուածքները չեն, այլ այդ արգելակները (Քըրպ), որոնք կը սահմանէն ճամբու ծայրի սահմանները… անոնց վրայէն անցնիլն է, որ կ՛ուշացնէ ինքնաշարժը:
Ֆեռարիի պատասխանատու Ֆրետ Վասէօր անգամ մը եւս սուր պայքար կը նախատեսէ Ռետ Պուլի, Ֆեռարիի եւ Մաքլարենի միջեւ:
Ֆեռարի այժմ 24 կէտով ետ կը մնայ Ռետ Պուլէն եւ բոլոր մրցումներուն կէտերը հաւաքած է իր զոյգ ինքնաշարժներով, մինչ Լըքլեր 31 կէտով ետ կը մնայ Վերշթափընէն:
«Հաւանաբար Մոնաքոյի ճիշդ հակառակն է արագութեան առումով, բայց շատ մը դանդաղ դարձուածքներ եւ «Քըրպ»-եր կան», ըսած էր Վասէօր Մոնաքոյի մէջ:
Մաքլարեն յոյս ունի շարունակելու իր յաջորդ ընթացքը յաջորդական 4 մրցումներու բարձրանալով փոտիում «առաջին երեք դիրքերու բեմ): Նորիս Մայեմիի մէջ յաղթած էր, մինչ Փիասթրի Մոնաքոյի մէջ 2-րդ դիրքը գրաւած էր:
«Մեր ինքնաշարժը շատ լաւ արդիւնք կը ցոլացնէ տարբեր տեսակի շրջավազքերու վրայ, բայց գիտենք, որ Քանատայի համար քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ», ըսաւ Լենտօ Նորիս: «Մեր մրցակիցները շատ զօրաւոր պիտի ըլլան հոս»:
Աշխարհի նախկին ախոյեան Լուիս Համիլթըն իր շահած 103 կրան փրիներէն առաջինը 2007-ին յաղթած էր հոս, երբ Մաքլարենի վարորդ էր: Այժմ Մերսետեսի հետ Համիլթըն կը յուսայ աւելի լաւ արդիւնք տալ, մանաւանդ որ խումբին պատասխանատու Թոթօ Վոլֆ յայտնեց, որ ինքնաշարժին վրայ բարեփոխումներ կան եւ հաւանաբար զգալի ըլլան մրցումի ընթացքին:
Ասթոն Մարթինի վարորդ Լանս Սթրոլ միակ քանատացի վարորդն է այս մրցումին, բայց ան որ լաւագոյն արդիւնքը 9-րդ դիրքն է Քանատայի մէջ: