Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը կը մասնակցի Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը:
Հայաստանի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան, Վազգէն Թեւանեան եւ Արման Անդրէասեան հասած են աւարտական հանգրուան:
Թեւանեան եւ Անդրէասեան իրար դէմ պիտի կատարեն աւարտական մրցումը: Թեւանեան դուրս ձգած էր վրացի Շմակի Պոլքվացէն, իսկ Անդրէասեան` Աքաքի Քեմերթելիծէն (Վրաստան): Նշենք, որ Թեւանեան, որ 65 քկ կշիռի մրցումներուն կը մասնակցի ընդհանրապէս, այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ 70 քկ կշիռի մրցումներուն:
Արսէն Յարութիւնեան, որ 57 կշիռի մրցումներուն կը մասնակցի, 7-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր իրանցի Շահտատ Ալի Խոշրավը եւ աւարտականին պիտի մրցի Խըրխըզիստանի ըմբիշ Ժումաշբկովի դէմ: