Տորթմունտի գլխաւոր մարզիչ Էտին Թերզիչ երէկ յայտարարեց, թէ կը հրաժարի խումբը մարզելու իր պաշտօնէն:
Գերմանիա ծնած ծագումով խրուաթ Թերզիչ, որ 2010-էն 2013 տաղանդ ընտրող էր եւ օգնական մարզիչ Տորթմունտի պատանիներու ակադեմիային մէջ Եուրկըն Քլոփի հովանաւորութեան տակ, ըսաւ. «Ուեմպլիի մեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումէն ետք, խնդրեցի պատասխանատուներուն հետ տեսակցութիւն մը, քանի որ Տորթմունտի հետ 9 տարի ետք` վեց տարի իբրեւ մարզիչ եւ երկուքուկէս տարի իբրեւ գլխաւոր մարզիչ, զգացի, որ խումբը նոր մարզիչով պէտք է սկսի յաջորդ եղանակը: Ամէն մարդ, որ ինծի մօտէն գիտէ, արդէն լուր ունի, որ կուրծքիս մէջ 2 սիրտ կը բաբախէր, երբ որոշումներ կու տայի:
Երկար եւ լարուած քննարկումներէն ետք որոշումս չփոխուեցաւ», ըսաւ Թերզիչ:


