Շաբաթավերջին լոնտոնաբնակ գործարար Վաչէ Մանուկեան, որ Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթըն ակումբի համակիր է, փափաք յայտնեց 400 միլիոն փաունտի (սթերլինկ) գնել ակումբը, առաջարկ մը յղելով այժմու տիրոջ` Ֆարհատ Մոշիրիի:
Մանուկեանի առաջարկը յաւելեալ պարտք կուտակել չէ ակումբին վրայ` աւելի վտանգելով անոր ապագան, այլ դրամական օգնութիւն տրամադրել երկար ժամանակի վրայ լաւ ուսումնասիրութիւններով:
Մանուկեանի առաջարկը բազմաթիւ առաջարկներէն մէկն է միայն, բայց ըստ ակումբի շշուկներուն ամէնէն յարմարն է` նկատի ունենալով, որ Վաչէ Մանուկեան ակումբի երկրպագուներէն է եւ ակումբին համար է, որ կ՛ուզէ օգնել եւ ոչ թէ պարզապէս վաճառականութիւն կատարել:
Մանուկեան, որ նոյն ժամանակ փաստաբան ալ է, ընկեր մըն է արհեստագիտութեան Այ.Էմ.Էս. Տիճիթըլ Վենչըրզի հետ, խմբակ մը կազմած է ամերիկացի գործակատարներով, Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքէն անդամի մը, ինչպէս նաեւ աւստրալիացի Մայըր ընտանիքին հետ: Այս վերջին ընտանիքը ունի մօտաւորապէս 1.5 միլիառ ամ. տոլար: